ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Յունուար 29ին հրամանագիրով մը Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները 2007ի Մայիս 12ին նշանակեց:
Համաձայն ընտրական օրէնքին, Ազգային ժողովի՝ համամասնական ընտրակարգով պատգամաւորութեան թեկնածուներու առաջադրման փաստաթուղթերը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով պէտք է ներկայացուած ըլլան քուէարկութենէն 75-70 օր առաջ: Այսինքն, կուսակցութիւնները կամ դաշինքները համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց դիմումը ԿԸՅին կրնան ներկայացնել Փետրուար 26էն սկսեալ:
Մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորութեան թեկնածուներու առաջադրման փաստաթուղթերը համապատասխան ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողով պէտք է ներկայացուին քուէարկութեան օրէն 70 օր առաջ:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ խորհրդարանի 131 պատգամաւորներէն 41ը պիտի ընտրուին մեծամասնական (անհատական կարգով), 90ը՝ համամասնական ընտրակարգով (կուսակցական ցանկերով), ներկայի 56/75 յարաբերութեան փոխարէն:
Պատգամաւոր կրնայ ընտրուիլ 25 տարին լրացած, ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացին:
Ի տարբերութիւն 2003ի, երբ համամասնական ընտրակարգով կուսակցութեան կամ դաշինքի ներկայացուցած ընտրացուցակի առնուազն 5%ը պէտք է իգական սեռէն բաղկացած ըլլար, այս անգամ առնուազն 15 տոկոսը պէտք է կիներէ բաղկացած ըլլայ: