ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան եւ պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Նիկոյեան Հոկտեմբեր 19ին հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿի մէջ ԱՄՆ դեսպան տիկին Ճիւլի Ֆինլիի հետ, քննելով յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին, Ֆինլի կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կազմակերպելը՝ անհրաժեշտ համարելով ԵԱՀԿի դէտերու առաքելութեան երկարաժամկէտ՝ 90օրեայ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Ֆինլիի համոզումով, դէտերու ներկայութիւնը նախընտրական գործընթացին մէջ նոյնքան կարեւոր է, որքան ընտրութիւններուն ընթացքին:
Վահան Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Նիկոյեան նոյնպէս կարեւոր համարեցին Հայաստանի մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը՝ նշելով, որ շուտով կ’ընդունուին ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք անցած են ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ եւ ԵԽ Վենետիկի յանձնաժողովի փորձաքննութենէն եւ համաձայնեցուած են խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի գործունէութեան, երկուստեք ընդգծուեցաւ ընտրացուցակներու ամբողջական եւ ճշգրիտ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: