ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ), իբրեւ թարգման ամերիկահայութեան կեցուածքին, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու կամ համապատասխան ենթայանձնախումբերէն պաշտօնապէս պահանջեց 75 միլիոն տոլարի մակարդակին վրայ պահել Հայաստանի տրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը, 10 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ հաւասար չափի վրայ պահպանել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Վարչակազմը 2008ի ելեւմտական տարուան համար առաջադրած էր Հայաստանի տրուելիք օժանդակութիւնը 75էն 35 միլիոն տոլարի նուազեցնել, ի նպաստ Ատրպէյճանի խախտել զինուորական օժանդակութեան հաւասարակշռութիւնը՝ առանց որեւէ բան նախատեսելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Փետրուար 13 թուակիր եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան համապատասխան ենթայանձնախումբերուն յղուած նամակով, ԱՀԴՅի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծեց Ամերիկայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն զարգացումը ըսելով. «Մենք անշուշտ շատ հպարտ ենք, որ Հայաստան Ամերիկայի լաւ գործընկերն է՝ անոր զօրակցելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, մասնակցելով ՆԱԹՕի զանազան ծրագիրներուն եւ ուժեր տրամադրելով Իրաքի ու Քոսովոյի մէջ խաղաղարար առաքելութեան ծիրէն ներս»:
Համբարեան իր նամակին մէջ պնդեց, որ Հայաստանի համար 2008 ելեւմտական տարուան համար նախատեսուող օժանդակութիւնը պահուի նոյնը՝ 75 միլիոն տոլար, տրուած ըլլալով, որ տնտեսական բարեկարգումներու եւ ամերիկեան օժանդակութեանց շնորհիւ, Հայաստանի տնտեսութիւնը անցնող 6 տարիներու ընթացքին տարեկան 10 տոկոս աճ արձանագրած է: «Դժբախտաբար սակայն, Հայաստանի ժողովուրդը տակաւին կը կրէ հետեւանքները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ապօրինի շրջափակումներուն, որ Համաշխարհային դրամատան գնահատումով Հայաստանի տարեկան 720 միլիոն տոլարի վնաս կը հասցնէ», աւելցուց Համբարեան:
Գալով ԼՂՀի, Համբարեան դիտել տուաւ, թէ ամերիկեան օժանդակութիւնը մարդասիրականէն պէտք է վերածուի զարգացման բնոյթ ունեցող օժանդակութեան, որովհետեւ ժամանակը եկած է, որ Ամերիկա զօրակցի ԼՂՀի երիտասարդ ժողովրդավարութեան (որպէսզի ան կարենայ իր ազատ շուկայական տնտեսութիւնը զարգացնել), քաջալերէ անոր տնտեսութեան զարգացումը եւ այդ ձեւով շրջանի կայունութեան եւ մնայուն խաղաղութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծէ:
Գալով Հայաստանի զինուորական օժանդակութիւնը նուազեցնելու հարցին, Համբարեան դիտել տուաւ, որ այս ձեւով վարձատրուած կ’ըլլայ Պաքուն՝ խաղաղութեան գործընթացը խափանելու իր ճիգերուն մէջ:
Անդրադառնալէ ետք Հայաստան-Ատրպէյճան զինուորական օժանդակութեանց հաւասար մակարդակի պահպանումին այս հարցին, Համբարեան ընդգծեց Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակին 200,000 տոլարով օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի զարկ տրուի Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներու հետ ամերիկեան ընկերութիւններու առեւտուրին:
Նամակին ամբողջական բնագիրը կարելի է անգլերէնով կարդալ մեր կայքէջին վրայ՝ www.asbarez.com: