Գէորգ, բարեւ:
– Բարեւիդ հազար բարեւ, պրն. Ռուբէն, ինչպէ՞ս ես:
– Գէորգ, լաւ եմ: Բայց այսպէս կէսօրով ի՞նչ նստած ես պատին՝ խմիչքի շիշը գրպանդ, ծխիկը շրթներուդ: Դուն գործ չունի՞ս, տուն տեղ չունի՞ս:
– Պրն. Ռուբէն, մի՛ հարցներ՝ ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչ ունիմ, ինչ չունիմ: Ըսաւ Գէորգ ու օղիին շիշը հանեց գրպանէն: Ումպ մը կար, այդ ումպն ալ գլուխը քաշեց ու սկսաւ ինքնիրեն խօսիլ.
– Տուն չունիմ, տեղ չունիմ: Աստուծոյ թռչունը բոյն ունի, ես չունիմ: Ծխիկէն քանի մը շունչ առաւ, ծուխին քուլաներուն հետ վերացաւ, գլուխը կամաց-կամաց օրօրեց ու մրթմրթաց.
– Ես ինչ գիտնայի, որ սէրն ալ խիղճ չունի:
Մինչ պրն. Ռուբէն նստաւ ցածլիկ պատին, փողոցը, անցորդներուն հետաքրքիր նայուածքին առարկայ: Դիտեց: Գէորգը՝ վրայ գլուխը աղտոտած, թափթփած բան մը ունէր: Բայց հակառակ այդ արտաքին երեւոյթին, Գէորգ հազիւ երեսունը գտած, աշխատասէր, ներկայանալի երիտասարդ մըն էր: Ան տունտեղը ձգած եկած էր Ամերիկա դրամ վաստակելու, որպէսզի Հայաստան գտնուող դեռ նորատի կինը, զաւակն ու ծերուկ մայրը ապրեցնէ եւ օր մըն ալ կարենայ զանոնք Ամերիկա տեղափոխել:
Յանկարծ պրն. Ռուբէն խզեց լռութիւնը ու հարցուց.
– Գէորգ, ինչո՞ւ ելար Կրպոյին քովէն:
– Եղբայր, ես չելայ, ինք հանեց:
– Գէորգ, ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով հանեց, ընկերովի նստած էիք՝ լաւ էր ե՛ւ քեզի, ե՛ւ իրեն:
– Պրն. Ռուբէն, թէ ի՞նչ պատճառով հանեց, չեմ գիտեր: Բայց «շատ օղի կը խմես», ըսաւ ու հանեց: Դատարանն ալ օղի կը խմես, կին կը ծեծես, ըսաւ ու հանեց: Զիս հանեցին այն տունէն, որ ես վարձած էի, որ ես շտկռտած՝ տնային կարգ մը առարկաներ գնած ու կարգաւորած էի:
– Գէորգ, լսած եմ, որ կնոջդ հետ խնդիր ունեցած ես: Այդ ի՞նչ խնդիր է, երբ դեռ նոր իրարու միացած էիք:
– Պրն. Ռուբէն, այո՛, կնոջս հետ խնդիր՝ ծանր խնդիր ունեցած եմ: Բայց այս ինչ սուտ աշխարհ է, այս ինչ սուտ մարդկութիւն, մէկը չհարցուց, թէ այս տղան ինչու այսպէս եղաւ՝ քարուքանդ եղաւ: Այս ինչ սուտ մարդկութիւն է՝ մէկը դուռս չզարկաւ, տարտս չհարցուց: Դատարանն անգամ տարտս չհարցուց: Օղի կը խմես, կին կը ծեծես, ըսաւ ու տունէն դուրս դրաւ: Կնոջդ, զաւակիդ չմօտենաս, ըսաւ: Եղբայր, ինչ դատ դատաստան՝ տունս քանդեցին օրէնք անունին տակ: Անզգայ մարդիկ՝ զաւակս, հոգիս ինձմէ զատեցին: Այս օտար աշխարհին վրայ ես մէկը չունիմ, հայր, մայր, քոյր, եղբայր, չունիմ: Ըսէք, ես տարտս որո՞ւ պատմեմ:
Կեցաւ, գրպանէն օղիին շիշը փնտռեց: Բայց պարապ շիշը գետինը՝ ոտքերուն քով կը հանգչէր: Առաւ շիշը ու առանց նայելու գլուխը քաշեց: Բայց շիշը պարապ էր: Նայուածքը պրն. Ռուբէնին սեւեռեց, պարապ շիշը ցոյց տուաւ ու յարեց.
– Պրն. Ռուբէն, խնդրեմ, թոյլ տուր, որ երթամ շիշ մը առնեմ ու գամ: Հաւատա՛, շուտ կու գամ:
Բայց պրն. Ռուբէն մերժեց.
– Գէորգ, կը խնդրեմ, որ չերթաս, հետաքրքրական է, շարունակէ: Գէորգ, երեսիս մի, նայիր, շարունակէ, կ’ուզեմ լսել: Կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ:
– Պրն. Ռուբէն, ես ալ կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: Ինչո՞ւ հոս հասանք: Ես եւ կինս իրար շատ կը սիրէինք: Ես եւ կինս, հակառակ իր մօր չկամութեան, մեր խօսքը մէկ ըրինք ու ամուսնացանք: Ես եւ կինս՝ Մարալը, իրարու խօսք տուինք՝ երբեք չբաժնուիլ իրարմէ: Բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: Ինչո՞ւ մեր սէրը…
Կեցաւ: Ձայնը տխուր էր: Գլուխը ծռեց ու սկսաւ խոկալ: Պրն. Ռուբէնն ալ կը խոկար: Բայց յանկարծ կարծես բան մը յիշեց ու կոչեց:
– Գէորգ, կը լսեմ, որ փողոց ինկած ես… Ամօթ քեզի: Այ մարդ, ձեռքդ արհեստ ունիս, պոյով, պուսով ներկայանալի երիտասարդ ես՝ առողջ, քարը կրնաս ծամել, ալ ինչ… կը զարմանամ սա ընթացքիդ, սա օղիին, որ քեզ այս վիճակին ձգած է:
Պահ մը կեցաւ: Կարծես ըսածին անդրադարձաւ ու մեղմ, անուշ ձայնով մը շարունակեց.
– Գէորգ, կրնա՞մ բանով մը օգնել քեզի:
– Պրն. Ռուբէն, փառք Աստուծոյ, քիչ թէ շատ կ’աշխատիմ: Բայց բնակելու տուն չունիմ, ուր որ կ’երթամ, կը մերժեն զիս:
– Գէորգ, ինչո՞ւ չեն տար, պատճառ մը չունի՞: Կամ դրամ չես վճարեր եւ կամ… բայց շատ հաւանաբար՝ գինով ես ըսելով չեն տար: Գէորգ, բան մը կը մտածեմ: Գէորգ, ձգէ՛ սա օղին, խելքդ տուն կանչէ…
Յանկարծ Գէորգին աչքը գնաց օղիի շիշին, բայց պրն. Ռուբէն կանխեց զինք.
– Գէորգ, շիշէն առաջ ինծի պատասխանէ, կինդ ինչո՞ւ բաժնուեցաւ քեզմէ: Բուն պատճառը պատմէ: Ան լուրջ, գիտակից կնոջ մը տպաւորութիւնը ձգած էր վրաս: Ափսոս, այս ինչ խաբուսիկ ժամանակներու մնացինք: Գէորգ, պատմէ:
– Պրն. Ռուբէն, ինչո՞ւ պարապ բանի համար գլուխդ կը ցաւցնես: Պարապի ժամանակ մի վատներ: Օղիիս ալ ժամանակը կ’անցնի: Ան է ինծի կեանք, համբերութիւն տուողը: Այլապէս կը ճաթիմ այս խարդախ կեանքէն: Բայց պրն. Ռուբէն, դուն ինձմէ շատ առաջ եկած ես Ամերիկա: Դուն լաւ պէտք է գիտնաս Ամերիկայի վարքն ու բարքը, կարգն ու կանոնը, դատն ու դատաստանը: Դուն ինձմէ լաւ պէտք է գիտնաս տան տէրն ու տիրակալը: Հիւրն ու կնոջ ծառան: Քանի հոս կին արարածը ամէն գնով կ’աշխատի էրիկ մարդը դարձնել իր ֆիզիքական եսին գերին: Եւ անոր հետեւանքով է, որ ամուսնութիւնները շատ պակսած են: Ուստի, պատմեմ ձեզի, թէ՝ Ամերիկայի մէջ կինը դարձած է ընտանիքին, տունին տէրն ու տիրակալը: Ուզէ՝ տունը կը շինէ, ուզէ՝ կը քանդէ: Կինը եթէ ուզէ՝ կը քանդէ: Կինը եթէ ուզէ՝ էրիկ մարդը կ’ուրախացնէ, կը մեծարէ: Ուզէ՝ պզտիկ, շինծու խօսքով մը դուռէն դուրս կը շպրտէ, կը խայտառակէ: Շատ հաւանաբար իմ կինս ալ տիրակալի այդ ախտէն վարակուած էր, որ մենք հասանք բաժանումի հանգրուանին: Այսօր ես ինկած եմ փողոցները: Ասոր դարմանը կայ: Բայց տիրակալի հոգեբանական ախտէն ազատելու միջոցը՝ միայն մահն է: Բայց ո՞վ կը հասկնայ…
– Պրն. Ռուբէն , եթէ կը հաճիս, եկուր պահ մըն ալ երթանք Հայաստան: Նախ աչքը կուրանայ պետական այն ղեկավարութեան, որ այդ գեղեցիկ երկիրը քարուքանդ ըրաւ՝ աղքատը դարձաւ անպատիւ, մուրացկան: Բանուորը գործ չունեցաւ, հաց չունեցաւ ընտանիք ապրեցնելու համար: Այլապէս, ես ի՞նչ գործ ունէի Ամերիկայի այս խառնարանին մէջ, ուր ազգութիւն, ընտանեկան սրբութիւն, յարգանք ու պատիւ գոյութիւն չունին: Մինչ հոն, Հայաստանի մէջ ես իմ ընտանիքին, իմ տունին ու տեղին տէրն ու տիրականն էի: Բայց ապրելու միջոց չկար: Ակամայ ձգեցի տուն տեղ, ընտանիք ու եկայ Ամերիկա: Բայց ես ի՞նչ գիտնայի, որ կինս հարամ կաթ ծծած է ու տունս տեղս քար ու քանդ պիտի ընէ:
Մինչ ես Ամերիկայի մէջ գիշեր ցերեկ իրար խառնելով, աշխատեցայ՝ օրական քանի մը տոլար աւելի վաստակելու: Քանի պարտաւոր էի՝ Հայաստան գտնուող կնոջս, զաւկիս ու մօրս ապրուստը հոգալ:
Ու նաեւ պարտաւոր էի ամիսը քանի մը տոլար մէկ կողմ դնելու, որպէսզի օրին մէկը կարենայի կինս ու զաւակս Ամերիկա բերել տալ:
Պրն. Ռուբէն, գիտեմ շատ երկարեցաւ, ներողամիտ եղիր: Շնորհիւ Աստուծոյ ինծի տուած ուժին ու կամքին, ես երկու տարին չբոլորած, կրցայ կինս ու զաւակս Ամերիկա բերել տալ: Մեր տունը շէնցաւ: Աղջիկս՝ Փաթիլը, մեր ուրախութեան առանցքն էր: Ան իր չարութիւններով ու սրամտութիւններով տունը կը լեցնէր: Կը շէնցնէր: Նաեւ ամէն անգամ որ սիրտս գաւաթ մը խմիչք ուզէր , կինս ինքն իր ձեռքով կը լցնէր գաւաթս, աղանդերը կը պատրաստէր ու կը հրամցնէր ինծի: Նաեւ կը պատահէր, որ ինքն ալ մասնակցէր գաւաթիս, ինչ ուրախ կեանք էր, բայց մեր այդ ուրախ կեանքը տեւեց մօտ երկու տարի: Մեր աղջիկը ալ ինքնաբաւ էր: Տիկինս, որ մինչ այդ անգլերէն լեզուն զարգացուցած էր, սկսաւ աշխատանքի: Բայց հազիւ երեք չորս ամիս անցած էր, երբ զգացի, որ կնոջս ինծի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը տակաւ կը փոխուէր: Տուն վերադարձիս ալ չէի տեսներ դէմքին ժպիտը, ինծի հանդէպ ունեցած գուրգուրանքը: Օղիս ալ մոռցուած էր: Երեկոները իր անոյշ ձայնին փոխարէն ալ ուրիշ յանկերգ կը լսէի:
– Գէորգ, ես յոգնած եմ, ինչ որ կուզես դուն պատրաստէ:
Թէեւ այդ փոփոխոութիւնները ես կը զգայի, բայց դեռ եզրակացութեան մը չէի եկած: Պարզապէս կեանքի փոփոխութեան վերագրեցի: Նոյն առթիւ կինս կ’աշխատէր, բայց ես դեռ կնոջս վաստակած դրամին երեսը չէի տեսած: Թէեւ ուզեցի խօսք ընել, բայց վերջն ալ մտածեցի, թէ ինչ տարբերութիւն՝ իր քով եղած է, թէ իմ քով: Նոյնիսկ տարուեցայ մտածել, թէ մի գուցէ կինս կ’ուզէ այդ դրամով անակնկալ մը ընել ինծի: Ու այդ գաղափարին հետ հաշտուեցայ: Բայց սխալած էի այդ բոլոր ազնիւ զգացումներուս մէջ: Քանի օրին մէկը այդ ենթադրեալ անակնկալս տեսայ, երբ լսեցի, որ կինս այդ գումարով ծնողքը բերել կու տայ Հայաստանէն, առանց նկատի առնելու, որ ես հոն անտէր անտիրական մայր մը ունիմ: (Նկատելով, որ ամուսնացած եղբայրս եւ ամուսնացած քոյրս նոյնպէս արտագաղթած էին երկրէն): Դեռ համբերող էի կնոջս արարքին հանդէպ: Բայց այս դէպքէն ամիսներ ետք, երբ սկսաւ խօսք ընել մօրս ղրկուած քանի մը տոլարին համար, ալ չկրցայ համբերել: Մեր յարաբերութիւնները սկսան լարուիլ: Օղին ալ դուրսը կը խմէի: Իրիկունները ալ անտրամադիր սրտով տուն կը դառնայի: Բոլորովին անիմաստ վէճեր ծայր առին: Մէկը մեզի խրատ չտուաւ: Մինչ կնոջս ծնողքը փոխանակ ծնողական ազնիւ, հաշտարար թելադրանքներ ընելու, զիս կը մեղադրէին ըսելով՝ Գէորգ, դուն ալ տունիդ, զաւակիդ, կնոջդ նայիր, անոնց ապագան մտածէ: Իսկ գալով մօրդ՝ կառավարութիւնը արդէն կը նայի: Այսքանով կ’եզրափակէին հարցը: Կը մոռնային, որ կինս ալ պարտաւորութիւն ունէր ընտանիքին հանդէպ, կը մոռնային, որ իրենց թելադրանքներուն վրայ հիմնուելով, կինս պարտաւոր չէր իրենց 4-5 հոգիի Հայաստանէն Ամերիկա գալու օդանաւի, Ամերիկայի մէջ 3-4 ամիս բնակութեան, ապրուստի ծախսերը հոգալու: Իրենք այդ մասին խօսք չէին ըներ: Իրենց համար այդ բոլորը որդիական պարտականութիւն կը նկատուէր: Այս բոլորին վրայէն կարելի էր գիծ մը քաշել ու մոռնալ հեշտութեամբ: Բայց խառնակիչը, հարցը բարդացնող զոքանչս էր: Ան, որ մեր ամուսնութեան համաձայն չէր: Բայց ինծի համար ցաւալին՝ կնոջս կեցուածքն էր: Ան սկսած էր մօրը թելադրանքներուն հետեւիել: Մէկ-երկու անգամ մօրը ներկայութեան ապտակեցի կինս, երբ ան կը փոձէր զիս ստախօսութեան մէջ մեղադրել, վլվլուքը փրթաւ: Զոքանչս սպառնաց երեսս ի վեր.
– Հոս նայէ՛, հոս Ամերիկա է: Առնելիքդ թող ըլլայ… Աղջիկս քալէ, քալէ տուն…
Եւ թոռնիկին ձեռքէն բռնած, երեքով քալեցին տուն…
Վայ է եկել այն էրիկ մարդուն գլխուն, որուն ընտանեկան կեանքին զոքանչը կը խառնուի:
Ինկանք դատարան, ամերիկեան դատարան…
– Դուն կը խմես, դուն կը գինովնաս, դուն կին կը ծեծես… վայ որ կնոջդ, զաւակիդ մօտենաս… Ու դրին տանս դուռնէն դուրս: Պրն. Ռուբէն, այս է վիճակս, ալ ինչպէ՞ս օղի չխմեմ: