Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ա. եւ Մ. Յովսէփեան» վարժարանի Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի զոյգ հանդէսները յուզում ու անսահման ուրախութիւն ստեղծեցին ծնողներուն սրտերուն մէջ։ Վարժարանի անձնակազմն ու աշակերտութիւնը մօտաւորապէս մէկ ամսուան ընթացքին առանց որեւէ ճիգ խնայելու, անդուլօրէն աշխատած եւ պատրաստած էին շատ հետաքրքրական ու գոյներանգ երկու յայտագրեր։ Ամբողջ ամսուան մը ընթացքին աշակերտութեան մօտ զգալի էր խանդավառութիւնն ու իրենց լաւագոյնը տալու պատրաստակամութիւնը։
Մանկամսուրէն մինչեւ Ա. կարգի աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2006ին։ Մանկամսուրին վարիչ Քրիսթինա Պէտիրեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Նոր տարուան եւ Ծնունդի իսկական իմաստին՝ անսակարկ նուիրումի սկզբունքին եւ ըսաւ, որ անոր վրայ հիմնուելով է, որ այս յայտագիրը իբրեւ ընծայ կը ներկայացուի մեր մանուկներուն կողմէ իրենց սիրելիներուն։ Ապա բեմը տրամադրուեցաւ մեր վարժարանի ամէնէն համովիկ աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք մեծ մասամբ, առանց որեւէ կաշկանդումի եւ համարձակօրէն, ներկայացուցին իրենց սորված երգերը, արտասանութիւններն ու պարերը։
Յաջորդ օրը տրամադրուած էր Բ. կարգէն մինչեւ Ը. կարգի աշակերտութեան, որոնք պատրաստած էին այլազանութեամբ լեցուն յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգեր, արտասանութիւններ, ներկայացումներ եւ զաւեշտական ելոյթներ։ Յայտագրին ամբողջացումէն ետք, դպրոցիս տնօրէն Շահէ Մանկրեան իր խօսքին մէջ ծնողներուն եւ աշակերտներուն բարեմաղթանքներ փոխանցեց, ու ապա գնահատեց ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան աշխատանքը։ Ան նաեւ ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միշտ նեցուկ կանգնած են դպրոցիս եւ քաջալերած են անոր բոլոր աշխատանքներն ու ձեռնարկները, եւ վստահեցուց ծնողներուն, որ դպրոցս պիտի փորձէ հրամցնել լաւագոյնը ամէն մարզի մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ, որ մեր ծնողները վստահած են իրենց զաւակները այս կրթական հաստատութեան։
Զոյգ հանդիսութիւններուն ներկայ եղած էին մօտաւորապէս 500 հանդիսատեսներ։
Հանդիսութիւններէն ետք, խօսքը տրուեցաւ եկեղեցւոյս հանգստեան կոչուող հովիւ Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանին, որ օրհնեց ներկաները եւ բարձր գնահատականը տուաւ աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած զոյգ ձեռնարկներուն։
Ձեռնարկներուն աւարտին, ծնողները ուղղուեցան «Աղաճանեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որ պատրաստուած էր վարժարանիս ծնողա-ուսուցչական կազմին եւ հայրերու յանձնախումբին կողմէ։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկներուն յաջողութեան։
Բարի երթ մեր վարժարանին Նոր տարուան եւ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին։
Յունուար 12, 2007