ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Եուրօ Օպզըրվըր».- Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին մէջ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին լոյս տեսած հարցազրոյցով մը, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին եւրոպական հարցերու տեղակալ Մէթիու Պրայզա կը փորձէ միջամուխ ըլլալ Եւրոպական միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ ծագած վերջին տագնապին, պնդելով, թէ Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները կասեցնելու սպառնալիքները անարդար են:
Պրայզայի մեկնաբանութեամբ, եւրոպացիները 2005ի Հոկտեմբերի համաձայնութեան մէջ անդամակցութեան բանակցութիւնները կասեցնելու սպառնալիքը յստակօրէն չեն կապած Կիպրոսի հարցին, սակայն եւրոպացի դիւանագէտներ կը յայտնեն, թէ հոն յստակօրէն կը շեշտուի, թէ բանակցութիւնները կրնան որեւէ ատեն սառեցուիլ, եթէ Թուրքիա թերացում արձանագրէ:
Պրայզա հարցազրոյցին մէջ կոչ կ’ընէ Եւրոպական միութեան, որ բանակցութիւնները շարունակէ, մինչ Թուրքիոյ վրայ կը շարունակէ ճնշում բանեցնել, որպէսզի հոն բարեկարգումներ արձանագրուին:
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա կը մերժէ Կիպրոսի առջեւ իր նաւահանգիստներն ու օդակայաններ բանալու խոստումը յարգել, Եւրոմիութեան ղեկավարները Դեկտեմբեր 14-15ի գերաստիճանին կրնան մասնակիօրէն կամ ամբողջութեամբ սառեցնել բանակցութեանց գործընթացը: Եւրոպացի ղեկավարներ ամիսներէ ի վեր Թուրքիոյ կ’ազդարարէին, թէ «երկաթուղային արկած» մը կրնայ տեղի ունենալ բանակցութեանց գործընթացին մէջ, եթէ Անգարա Կիպրոսի հարցով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները չիրականացնէ: