ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, բացի «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի շրջանակներով նախատեսուող աջակցութենէն, յառաջիկայ տարուան ընթացքին 8.4 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման օժանդակութեան ծրագիրներուն համար:
Այս մասին Յուլիս 16ին յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր հաւատարմատար դեսպան Ռուտոլֆ Փերինա՝ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան միջեւ գործարարութեան խորհրդատուական ծառայութիւններու ծրագիրին տրամադրուող օժանդակութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան ժամանակ:
Փերինայի խօսքերով, նշուած աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի մասնաւորապէս, Հայաստանի ելեւմտական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներու զարգացման նպատակին: