ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի օր թրքական բանակի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած երեք ընդհարումներու ընթացքին սպաննուած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան երեք յեղափոխականներ, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան կազմակերպութեան մը անդամ երեք զինեալներ եւ թուրք զինուոր մը:
Թրքական բանակը աւելի քան 150,000 զինուորներ հաստատած է քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ կը սպառնայ հիւսիսային Իրաք ներխուժել, չէզոքացնելու համար Թուրքիոյ քիւրտերու իրաւանց համար պայքար մղող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը: