ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան Հոկտեմբեր 12ի նիստին որոշուեցաւ առաջարկել ԱԺ նախագահին՝ Հոկտեմբեր 13ի կէսօրին գումարել խորհրդարանի արտահերթ նիստ, որպէսզի քննուի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի կողմէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանը իբրեւ մեղադրեալ նկատելու օրինական պահանջը:
Այս որոշման համար կառավարութիւնը նկատի ունեցած է «ԱԺ պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանին որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու եւ կալանաւորելու մասին» գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի միջնորդագիրը եւ առաջնորդուած է սահմանադրութեան 70րդ յօդուածով:
Յիշեցնենք, որ Յակոբ Ռաֆիկի Յակոբեան ձերբակալուած էր Հոկտեմբեր 8ին՝ զէնքի միջոցաւ խուլիգանութիւն կատարելու համար: