«Եթէ կ՚ուզես նոր բան մը ըսել մարդկութեան, պատմէ ընտանիքիդ մասին, եւ քիչ մըն ալ՝ քու մասիդ»: Համաշխարհային գրականութեան մէջ գոյութիւն ունի այսպիսի ուղղութիւն մը, որ հայ գրականութեան մէջ շատ քիչ օգտագործուած է՝ ի մտի ունենալով, որ մեծ գրողները վերջ ի վերջոյ կը գրեն իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն ինքնակենսագրութիւնը: Վերջին փաստը՝ համաշխարհային մեծ համբաւ ունեցող քոլոմպիացի գրող Կարսիա Մարքէզի «Օթօպայոկրաֆի» (Ինքնակենսագրութիւն) նշանաւոր աշխատութիւնն է: Նոյնպէս տաղանդաւոր եւ ոչ տաղանդաւոր նկարիչներ ընդհանրապէս չեն խուսափիր իրենց ինքնանկարները գծելէ:
Ըստ իս, այս մէկը հայեացք մըն է՝ դէպի սեփական ներաշխարհը, ուր կայ ինքնաքննադատութիւն, ինքնասրբագրում եւ որքան ալ հակասական հնչէ, նաեւ կայ ինքնաաստուածացում: Թուրք գրականութիւնը այսօր սկսած է դէպի իր կողմը դարձնել խղճի հայելին, այն հայելին, որուն խորերը դեռ շատ բան կայ յայտնաբերելիք ու բացայայտելիք:
Ֆեթհիէ Չեթին՝ այս խիզախ եւ յանդուգն թրքածինը, իսկական իր մականունին վայելող կեանքի ուղի մը ընտրած է: «Չեթին», այսինքն՝ դժուար: Նշանաւոր 301րդ յօդուածի ծանրութեան տակ կքած նման երկրի մը մէջ ան միասնաբար կը վարէ իրաւաբանի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ դրօշակիր գրողի դժուար առաքելութիւնները:
Ինչպէս մեզի ծանօթ է, ան հեղինակն է նշանաւոր «Աննէաննէմ» (մեծ մայրիկս) յուշագրութեան: Յուշագրութիւն, որ նման չէ վէպի, այլ սրտի եւ մանկութեան խորքերէն բխած, ցնցուած հոգեվիճակներու, զգացումներու եւ յոյզերու ազնիւ խառնուրդ մըն է: Այս գիրքին հիմը կը կազմէ հեղինակին ընտանիքին տխուր, շատ տխուր պատմութիւնը: Ի դէպ, այսպիսի պատմութիւններով հայ ժողովուրդին իրականութիւնը դժբախտաբար յագեցած է:
Ես չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ թափանցել, այլ կը նախընտրեմ, որ ընթերցողը կարդայ եւ իւրաքանչիւրը իր ձեւով յայտնաբերէ որքան հայկական, նոյնքան թրքական եւ աւելին համամարդկային այս դժբախտութիւնը:
Սոյն հատորը լոյս տեսած է «Մեֆիս» հրատարակչատունէն, 2004ին: Իսկ զայն հայերէն լեզուի թարգմանած է հալէպահայ գրող Սալբի Գասպարեանը: Տեղին է նշել եւ սրտանց շնորհաւորել «Մեֆիս» հրատարակչատունը իր ամբողջ աշխատակազմով՝ իր այս խիզախ եւ պատասխանատու քայլին համար, որովհետեւ նոյն հրատարակչատունէն լոյս տեսած է ուրիշ քաջարի թրքուհիի մը՝ Էլիֆ Շաֆաքի աղմկայարոյց «Պապա վէ փիճ» (Հայրը եւ ապօրինի զաւակը) վէպը, ուր հեղինակը հերոսներու միջոցով խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ ընդհանրապէս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
Ես այստեղ չեմ ուզեր «Մեծ մայրիկս» գիրքը, «որուն խորքը շատ ուժեղ ձեւով կապ է Հայկական Ցեղասպանութեան հետ», ենթարկել գրաքննադատական խոր վերլուծման: Միայն կ՚ուզեմ նշել, որ այսպիսի դրական քայլեր կրնան լաւ պատճառ եւ խթան հանդիսանալ հայ եւ թուրք հասարակութիւններու մերձեցման: Երբ երկու հասարակութիւններ իրարու հետ հաշտ ու համերաշխ են, ձերբազատած անցեալի բարդոյթներէն եւ սխալներէն, անոնց ապագան կ՚ըլլայ աւելի փայլուն:
Այսպիսի պարագաներուն պետութիւնները ստիպուած եւ պարտաւորուած կ՚ըլլան հաշուի նստելու հասարակական կարծիքին հետ:
Երբ անցեալէդ չես վախնար եւ զարհուրիր, եւ երբ հաշիւներդ փակած կ՚ըլլաս անցեալիդ հետ, ապագադ աւելի գեղեցիկ եւ աւելի ամուր հիմերու վրայ կը ձեւաւորուի:
Ես բնաւ չէի ուզեր, որ Թուրքիա-Հայաստան սառած յարաբերութիւններու եւ փակ սահմաններու գիծին վրայ յայտնուէին ուրիշ երկիրներ, կազմակերպութիւններ՝ դատապարտելու համար անցեալը: Իմ եւ իմ ազգիս արդար ցանկութիւնն է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը, մամուլը եւ հասարակական կարծիքը իրենց մէջ գտնեն այդ ուժը եւ քաջութիւնը՝ ներողութիւն խնդրելու այդ ահաւոր օրերուն համար, որ բառին բուն իմաստով սարսափելի ցեղասպանութիւն է:
Ես չեմ հասկնար, թէ Թուրքիոյ պէս մեծ պետութիւն մը ինչո՞ւ համար այս բառէն այդքան կը սարսափի եւ այդ կ՚անուանէ «գաղթ» կամ «տեղահանում»: Ինծի պատմութենէն ցոյց տուէք թէկուզ մէկ հատիկ ցեղասպանութիւն, որ չէ ուղեկցուած գաղթելով եւ տեղահանումներով:
Հուսկ, հայ ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով երախտագիտութեան մեծ խօսք ունի փոխանցելու այս խիզախ եւ արի թուրք սերունդի ներկայացուցիչ Ֆեթհիէ Չեթինին, որ իր մէջ ուժ գտաւ ընտանեկան այս տխուր իրադարձութեան միջոցով փոխանցել իր կարծիքը եւ իր համոզումը. եւ ես համոզուած եմ, որ սոյն կարծիքը ոչ թէ լոկ իրն է, այլ լռած մեծամասնութեան մը կարծիքն է եւ համոզումը:
Վերջ ի վերջոյ յաւերժ թշնամիներ, յաւերժ փակ սահմաններ չկան, այլ կան յաւերժ դրացիներ, ինչպիսին են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դրացի հանրապետութիւնները…
Հալէպ, 2006