ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի, Յունուար 10ի երեկոյեան յայտարարեց, թէ որոշած է 21,500 յաւելեալ զինուորներ Իրաք ղրկել, միաժամանակ ընդունելով, թէ Իրաքի դէմ գործողութեան ընթացքին շարք մը սխալներ գործուած են, մինչ իր կատարած նախատեսութիւնները չեն իրականացած:
Պուշ նաեւ անուղղակիօրէն ազդարարեց Իրաքի իշխանութեանց, որ յաւելեալ գործակցութիւն ցուցաբերելով յաջողութեամբ պսակեն երկիրը կայունացնելու ամերիկեան ծրագիրները, սակայն անգամ մը եւս ամերիկեան նահանջի յստակ պայմանաժամ մը չտուաւ:
Իրաքի պատերազմը ընդարձակելու այս որոշումը խոտոր կը համեմատի ոչ միայն դեմոկրատ ընդդիմութեան, այլ նաեւ ամերիկացի ժողովուրդին կարծիքին:
Արդարեւ, Հինգշաբթի օր հրատարակուած «Էյ.Փի»ի եւ «Իփսոս» հիմնարկին կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, թէ ամերիկացիներուն 70 տոկոսը դէմ է յաւելեալ զինուորներ Իրաք ղրկելու գաղափարին: Դեմոկրատներուն մօտ այդ համեմատութիւնը 87 տոկոս է:
Հինգշաբթի օր, մինչ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս եւ պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս կը փորձէին պաշտպանել Պուշին ծրագիրը, դեմոկրատ ղեկավարներ միաձայնութեամբ դատապարտեցին զայն:
Թեհրանի մէջ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պուշի նոր ծրագիրը պարզապէս «բռնագրաւման շարունակութիւնն է», որ աւելիով պիտի վատթարացնէ Իրաքի կացութիւնը, մինչ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք էլ Շարաա յայտնեց, թէ նոր ծրագիրը «դրական քայլ մը չէ» ու «կրակի վրայ իւղ թափելու» համազօր քայլ մը համարեց:
Պուշ կը մերժէ Իրաքի հարցով Իրանի ու Սուրիոյ հետ խորհրդակցելու իր իսկ խորհրդականներուն առաջարկները: