ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 տարի տեւած վերասարքաւորման աշխատանքներէն յետոյ, Հոկտեմբեր 26ին աշխատելու վերսկսաւ հայ-ռուսական միացեալ «Ռուսալ-Արմէնալ» ընկերութիւնը: Շուրջ 80 միլիոն տոլարի ներդրումներու արդիւնքով ամբողջ հզօրութեամբ աշխատելու պարագային, գործարանը պիտի արտադրէ տարեկան 25 հազար թոն փայլաթիթեղ, որ 2.5 անգամ աւելի է վերագործարկումէն առաջ ունեցած ծաւալներէն:
Արտադրուող 25 հազարին 18 հազարը պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ ամենամեծ պահանջ ունեցող գերբարակ՝ 6-9 միքրոն հաստութեան փայլաթիթեղ: Արտադրութեան 97 տոկոսը պիտի արտածուի, գլխաւորապէս՝ Եւրոպա:
Բացման արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունենանալով՝ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան նշեց, որ արդիականացումէն յետոյ «Արմէնալի» վերագործարկումը նշանակալի իրադարձութիւն է ոչ միայն արտադրական այս հսկայի աւելի քան կէսդարեայ պատմութեան, Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ, այլեւ հայ-ռուսական գործակցութեան լաւագոյն վկայութիւններէն մէկն է:
Վարչապետը կարեւոր համարեց նաեւ այն փաստը, որ մեծ ուշադրութիւն դարձուած է արտադրութեան բնապահպանական ապահովութեան հարցերուն:
«Ռուսալ» ընկերութեան փոխտնօրէն Ալեքսանդր Լիվշիցի խօսքերով, կարճ ժամանակի ընթացքին կատարուած վերասարքաւորման շնորհիւ, Հայաստանը եւ «Ռուսալը» ձեռք բերած են Եւրոպայի լաւագոյն փայլաթիթեղի արտադրութեան գործարանը, որ 5 անգամ աւելի արտադրութիւն ունի, քան մինչեւ արդիականացման աշխատանքներուն սկսիլը: Ան յայտնեց նաեւ, որ ամբողջ արտադրութիւնը պիտի արտածուի եւրոպական երկիրներ՝ Հայաստանին ապահովելով ոչ միայն հարկային մուտքեր, այլեւ նոր աշխատատեղեր: Ան ընդգծեց, որ այս ծրագիրի իրագործումը անհնար կ’ըլլար առանց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու անմիջական աջակցութեան: