Սուրիոյ մէջ տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Կիրակի օր լոյս տեսաւ «Ուաթան» սեփական օրաթերթին առաջին թիւը։
Նշենք, որ 1963 թուականէն՝ Պաաս կուսակցութեան երկրին իշխանութեան հասնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ սեփական օրաթերթ մը լոյս կը տեսնէ Սուրիոյ մէջ։
«Ուաթան» օրաթերթի անձնակազմի անդամներէն մէկը յայտնեց, որ օրաթերթը քաղաքական է եւ ունի անկախ բնոյթ։ Ան աւելցուց, որ օրաթերթը կը միտի Սուրիոյ մէջ աւելի քան 40 տարիներու վրայ երկարող գրաւոր մամուլի մենատիրութեան վերջ մը դնել։
Թերթը հրատարակութեան արտօնագիր ստացաւ այս տարուան կիսուն եւ արդէն իսկ շարք մը փորձ թիւերով ներկայացաւ սուրիական հանրութեան։ Անոր խմբագրապետն է Ուատտահ Ապտ Ռապպօ, որ նախապէս նաեւ ստացած էր այլ արտօնագիր մը՝ տնտեսական շաբաթաթերթ մը հրատարակելու։
Ապտ Ռապպօ յայտնեց, որ քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու ազատ բեմի բաժին մը պիտի տրամադրուի «Ուաթան»ի մէջ։ Ան ըսաւ, որ օրաթերթը առաջին հանգրուանին 20 հազար տպաքանակով պիտի սկսի աշխատանքի եւ պիտի ցրուեն միայն Սուրիոյ մէջ: