ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, «æաւախքի Զաւակներ» կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար, Մայիս 25ին, Մոսկուայի գրողներու տան մէջ կազմակերպած էր երեկոյ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնին:
Երեկոյին ներկայ էին Ռուսիոյ քաղաքագիտական կեդրոններու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյի բացումը կատարելով՝ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ երկարատեւ բացակայութենէ ետք, հայկական պետականութեան վերականգնումը հնարաւոր դարձաւ ազատագրական պայքարի եւ հայութեան ներուժի համախմբման շնորհիւ: Թէեւ Հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, բայց անոր ծնունդն ու գործունէութիւնը ապահովեցին հայկական պետականութեան շարունակականութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն հայութիւնը պահպանած է օրհներգը, զինանշանն ու դրօշը, եւ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժերն ու հասարակութիւնը կը ձգտին հետեւիլ այն քաղաքական ընթացքին, որուն հիմքը դրուած է 1918ի Մայիսին:
Ռազմավարական հետազօտութիւններու ռուսական հիմնարկի «Ազգային Ռազմավարութեան Հիմնահարցեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աժտար Քուրտով իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ պատերազմները շատ ազգերէ խլած են անոնց գիրն ու պատմամշակութային վկայութիւնները: Սակայն այլ է Հայաստանի պարագան: «Անկախութեան, մասնաւորաբար Առաջին Հանրապետութեան կազմաւորման համար մղուող պայքարին մէջ, հայերը առաւել ուժեղացած են: Գաղտնիք չէ, որ շատ ազգեր այսօր իրենք իրենց համար պատմութիւն կը յօրինեն: Հարաւային Կովկասի մէջ, Հայաստանի հարեւանները աշխուժօրէն այդ մէկով զբաղած են: Անշո՛ւշտ, անոնք պատմութիւն կը հնարեն՝ մեկնելով քաղաքական նպատակայարմարութիւններէ»:
«Արարատ» միութեան նախագահ Էմանուէլ Դոլբակեան ընդգծեց, որ 1918ին հայերը Սարդարապատի մէջ հրաշք գործեցին՝ Երեւանն ու Արեւելեան Հայաստանը փրկելով թրքական ներխուժումէ:
Երեկոյի ընթացքին գեղարուեստական կատարումներով կ՛ուղեկցէր արուեստագէտ Արարատ Մկրտչեանը. ան կատարեց իր «Պապերի կանչը» եւ «Արարատ» քայլերգները, իսկ փողային նուագախումբը՝ հայկական ազգային-յեղափոխական ստեղծագործութիւններ: