ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Պըրպենքի առաջնորդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի հնատիպ Ս. Գիրքերու հաւաքածոյին նուիրուած ցուցահանդէս մը։
Առաջնորդարանի հասցէն է՝ 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91501։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 558-7474 ext. 127 թիւին։
Վերի ծանուցումը ինչո՞ւ անընդունելի «ուղղագրութեամբ» գրուած է:
Ըստ երեւոյթին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանը՝ փոխանակ Արեւմտահայ գիրի, գրականութեան եւ ուղղագրութեան պահապան եւ ջատագով հանդիսանալու՝ որդեգրած է աղաւաղուած (չ)ուղղագրութիւնը տարածելու պարտականութիւնը…: Բայց ինչո՞ւ: Կարելի՞ է գիտնալ: