Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, վերադարձաւ Լոս Անճելըս եւ վերսկսաւ իր առօրեայ աշխատանքներուն։ Ան մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ մեկնած էր Տիթրոյիթ, ուր միացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի շքախումբին։ Ծանօթ է, որ վեհափառը արեւելեան նահանգներ շրջապտոյտի մը ձեռնարկած էր, ընդառաջելով իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրներու։ Ան հրաւէր ստացած էր Ինտիանայի Նոթրը Տէյմ եւ Մինեսոթայի Սէյնթ Ճոնզ համալսարաններէն՝ դասախօսութիւններ տալու եւ ստանալու Սէյնթ Ճոնզ համալսարանի «Փաքս Քրիսթի» բարձրագոյն պատուանշանը։
Վեհափառը Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբերին ժամանեց Տիթրոյիթ, ուր դիմաւորուեցաւ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի եւ Ազգային իշխանութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներուն կողմէ։
Ինտիանա եւ Մինեսոթա իր այցելութիւններէն առաջ, վեհափառը հովուապետական կարճատեւ այցելութեամբ եղաւ Տիթրոյիթի հայ համայնքի զաւակներուն հետ, եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխը հանդիսաւոր ընդունելութեամբ պատուեց իր հովուապետը։
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ, «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ ընդունելութիւն՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի 3 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի եւ Քանատայի մեր երեք թեմերուն կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական երկօրեայ համագումարը։ Երիտասարդական պատուիրակութիւններ եկած էին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերէն։ Արեւմտեան մեր թեմէն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին ու ընկերակցութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիրակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։
Արամ Ա. կաթողիկոս, երիտասարդութեան հետ իր ունեցած սրտբաց զրոյցին ընթացքին, մարտահրաւէր ուղղեց անոնց՝ գործնապէս մասնակցելու Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նուիրական աշխատանքին. «Մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որ Հայ եկեղեցւոյ նման պատմական ու հին եկեղեցւոյ մը զաւակներն ենք։ Այս գիտակցութիւնը մեզի կը հարկադրէ, լրջօրէն ու ամենայն բծախնդրութեամբ մօտենալու անոր վերանորոգման գործընթացին»։
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը լսեց ներկայ երիտասարդներու հարցումները, նոր մտածելակերպով ու երիտասարդական աշխարհահայեացքով առաջ բերուած, որոնք բոլորն ալ մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ հոգածութեան, յարգանքի, սիրոյ ու հայապահպանման հանդէպ գուրգուրանքի արտայայտութիւններ էին։ Միաժամանակ մեր եկեղեցին օտարներուն բանալու եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքները օտարներուն ծանօթացնելու ջերմ փափաքներ էին անոնք։
Հայ երիտասարդութեան այս իւրայատուկ հաւաքը, վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ, ընդգրկեց եկեղեցական արարողութիւն, դասախօսութիւն, զրոյց, Ս. գրոց սերտողութիւն, որոնք կեդրոնական տեղ գրաւեցին հաւաքի ընթացքին։
Օշական արք. Չօլոյեան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցւոյ կեանքին երիտասարդութեան մեծաթիւ մասնակցութիւնը։
Իսկ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ս. գրոց սերտողութեան պահ մը առաջնորդելով, ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծեց։
Խաժակ արք. Յակոբեան, իր սրտի խօսքով, բաժնեկից եղաւ ներկայ երիտասարդներու մտահոգութեանը հայ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գծով, կոչ ուղղելով գործօն մասնակցութիւն բերելու այդ վերանորոգութեան։
Երկու օրերու վրայ երկարող երիտասարդական համագումարը առիթ մը հանդիսացաւ յանձնառու կերպով շարունակելու մեր ծառայութիւնները՝ «Եկեղեցիդ՝ քու ապագադ, մասնակցէ՛» նշանաբանով։
Յաջորդ օրերուն, առաջնորդ սրբազանը Ինտիանայի եւ Մինեսոթայի մէջ ներկայ եղաւ վեհափառ հայրապետի դասախօսութիւններուն, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ մանաւանդ Սէյնթ Ճոնզ համալսարանին կողմէ վեհափառին ընծայուած «Փաքս Քրիսթի» բարձրագոյն պատուանշանի յանձնումի հանդիսութեան։ Ապա, ան Հինգշաբթի երեկոյ վերադարձաւ Լոս Անճելըս։