Երեքշաբթի, 12 Յունիսի երեկոյեան, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Նոր Չուղայի Բարեկամներ յանձնախումբը, որ եկած էր շնորհաւորելու Ազգ. առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքը եւ ծանօթացնելու իր նոր անդամները։
Այս յանձնախումբը կազմուած էր աւելի քան երեք տարի առաջ, գլխաւորապէս Նոր Չուղայի մշակութային ժառանգութեանց պահպանման ու տարածման մտասեւեռումով։
Յանձնախումբը առաջնորդ սրբազանին ներկայացուց իր աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը, ապա նաեւ ծանօթացաւ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքի բաժանմունքներուն ու ծառայական աշխատանքի դաշտերուն։
Հրաժեշտի պահուն, հիւր յանձնախումբը առաջնորդ սրբազանին իբրեւ նուէր յանձնեց Նոր Չուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքը պատկերող գեղանկար մը։