ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ շարք մը քոնկրեսականներ դատապարտեցին Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը՝ պահանջելով անյապաղ կասեցել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ գրած է, թէ խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի տարածքին ատրպէյճանական յարձակումներով՝ աւելցնելով. «Հայկական քաղաքներ եւ անմեղ քաղաքացիներ ռմբակոծելը անօրինական է եւ անընդունելի: Աշխարհը պէտք է դէմ կանգնի մենատիրական բռնութեան, եւ Ամերիկա այժմ պէտք է դադրեցնէ Պաքուի տրամադրուող ապահովական օգնութիւնները»:
Իր կարգին, Ներկայացուցիչերու տան Տեղեկահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Էտըմ Շիֆ յայտարարեց, թէ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը ոտնակոխում մըն է Հայաստանի ինքնիշխանութեան իրաւունքին, նմանապէս կոչ ընելով՝ կասեցնելու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր աջակցութիւնները։
Շիֆ աւելցուց, թէ Քոնկրեսին պիտի ներկայացնէ բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն անյապաղ կասեցնել Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակումները։
Դատապարտումի եւ Պաքուի տրամադրուող աջակցութիւնները կասեցնելու կոչեր կատարեցին նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Տէյվիտ Վալատաօ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներու արագ հակադարձութիւնը՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կոչ ընելով ամերիկեան իշխանութիւններուն։