Ատրպէյճանի զինուած զօրքի խումբ մը հանդիսաւոր արարողութեամբ մը դրօշ բարձրացուց Հակարիի կամուրջին վրայ: «Սահմանային անցակէտը պատրաստ է», սահմանապահ զօրքերու գնդապետը զեկուցեց իր գլխաւոր գերագոյն հրամանատարին` Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Այժմ դէպի Արցախ տանող ճամբուն` Հակարի կամուրջին վրայ կայ ատրպէյճանական այս անցակէտը, իսկ ատրպէյճանցի գործիչները` Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկին վրայ։
Ատրպէյճանական այս երկու անցակէտերուն միջեւ մնացին Շուշիի շրջանի 4 գիւղերը` 350 արցախցիներ, որոնք Կիրակի օրուընէ կտրուած են թէ՛ Ստեփանակերտէն եւ թէ Գորիսէն: Հին Շէն, Մեծ Շէն, Եղցահող եւ Լիսագոր գիւղերուն մէջ առայժմ ուտելիքի սուր հարցեր չկան, տեղեկացուց Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Գրիշա Յովհաննիսեան, սակայն, ան դիտել տուաւ, որ այս կացութեան շարունակութեան պարագային, այդպիսի տագնապ մը պիտի յառաջանայ. ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան մարդասիրական բեռ հասցնել գիւղերուն, եթէ այս կրկնակի շրջափակումը շարունակուի:
«Դեկտեմբերի 12ից Ադրբեջանի կառավարութեան գործակալների կողմից Շուշի քաղաքի մօտ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Շուշիի շրջանի չորս գիւղեր կորցրել են ճանապարհատրանսպորտային կապը Ստեփանակերտի եւ Արցախի այլ շրջանների հետ: Այնուամենայնիւ, նրանք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ հումանիտար (մարդասիրական) կապ պահպանելու հնարաւորութիւն ունէին մինչեւ Ապրիլի 23ը: Այժմ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող կամրջի մօտ ադրբեջանական կողմից ապօրինի անցակէտի տեղադրման պատճառով այդ գիւղերը յայտնուել են կրկնակի շրջափակման մէջ», ըսաւ Յովհաննիսեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ աւելցնելով, որ, հակառակ այս իրականութեան, շրջաններուն մէջ կը շարունակեն գործել դպրոցները, վարչական եւ հասարակական կառոյցները, իսկ ամէնէն լուրջ հարցը բժշկական օգնութեան կազմակերպման անկարելիութիւնն է:
Անդրադառնալով ամբողջական շրջափակման պատճառաւ յառաջացած ընկերային հարցերուն, Յովհաննիսեան ըսաւ, որ այդ ենթաշրջանի բնակիչները շուտով պէտք է թոշակներ եւ նպաստներ ստանան, սակայն ներկայ իրավիճակին մէջ այդ մէկը անկարելի դարձած է: «Այդ պատճառով թոշակառուներն ու բազմազաւակ ընտանիքները կարող են մնալ առանց ֆինանսական աջակցութեան: Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ներկայում աշխատանքներ են տանում` փորձելով ռուս խաղաղապահների միջոցով լուծում տալ Շուշիի Բերդաձորի ենթաշրջանի չորս համայնքի բնակիչներին առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով ապահովելու խնդրին», յայտնեց Յովհաննիսեան:
Ասոր զուգահեռ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, թէ Լաչինի ճամբուն սկիզբը սահմանային անցակէտի տեղակայումը պիտի երաշխաւորէ ճամբու թափանցիկութիւնը եւ ապահովութիւնը:
Պայրամով պնդեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ բարելաւել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, «սակայն ամէն անգամ կը բախի Հայաստանի ոչ-կառուցողական դիրքորոշման եւ անդադար սադրանքներուն»: