Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայէթի յայտնեց, որ Իրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները, թէ մտադիր է Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու՝ «կեղծ մեղադրանքներ» են:
«Իրան մտադիր չէ Կովկասի մէջ դրացի որեւէ երկրի կամ որեւէ այլ երկրի մը դէմ յարձակում գործելու, եւ երբեք դրացի երկրի մը նկատմամբ ախորժակներ չէ ունեցած, ընդհակառակն, միշտ ալ մտածած է լաւ յարաբերութիւններու հաստատման եւ օժանդակութիւն տրամադրելու մասին: Հպարտութեամբ կը հաստատեմ, որ ինչպէս մնացեալ իրանցիները, ես ինքզինքս ատրպէյճանցի կը նկատեմ. ես Քոհպայէլպարզի բնակիչներէն եմ, սակայն Իրանի մէջ ամէն վայր տունս է», յայտնեց Վիլայէթի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան: