ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին 2006ի ընթացքին արձանագրուած է Ատրպէյճանի բանակի կողմէ զինադուլի խախտման 581 դէպք՝ նախորդ տարուան 273ի փոխարէն, յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար, գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեան եւ նշեց, որ 2006ի ընթացքին հայկական դիրքերը Ատրպէյճանի բանակին կողմէ արձակուած կրակոցներուն պատասխանած են 58 անգամ:
Պաշտպանութեան նախարարի բանբերը նշեց նաեւ, որ 2006ի ընթացքին Ատրպէյճանի բանակի դիրքերէն 16 անգամ կրակուած է գնդացիրներէ, պատահած է նաեւ հրթիռարձակման դէպք եւ ութ անգամ գնդակոծման ենթարկուած են սահմանամերձ Ոսկեպար, Այգեպար եւ Չինարի բնակավայրերը:
Նոյն օրը հրապարակուած ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի մամուլի քարտուղար Սենոր Հասրաթեանի տեղեկատուութեան համաձայն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրերը, որ իբրեւ թէ «2006ի ընթացքին, ըստ կայացած դիտարկման, հայկական կողմը 220 անգամ խախտած է զինադադարը», չի համապատասխաներ իրականութեան: Ըստ Հասրաթեանի, ԼՂի հայկական կողմէ երբեք կրակ չէ բացուած՝ հաւատարիմ մնալով զինադադարի պայմաններուն եւ Ատրպէյճանի ուղղութեամբ կրակուած է միայն ի պատասխան հակառակորդի կողմէ զինադադարի խախտումներուն, ըսաւ Ս. Հասրաթեան: