Ատրպէյճան մտադիր է Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն մը բանալ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան» լրատուական գործակալութիւնը:
Արդէն իսկ Ատրպէյճանի խորհրդարանին ներկայացուած է «Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման մասին» օրինագիծը:
Աւելցնենք, որ Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը պիտի գործէ Թէլ Աւիւի մէջ: