Արամ Ա. կաթողիկոսը յատուկ պաշտօնագիրով մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Տաճատ վրդ. Աշըգեանը նշանակեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ:
Հայր սուրբը նախապէս վարած է վանական պաշտօններ, ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ֆրեզնոյի մէջ եւ վերջին տարիներուն եղած է Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէն:
Յայտնենք, որ կաթողիկոսարանի նախկին դիւանապետը՝ Խաչիկ Տէտէեան, շուրջ 25 տարիներ ծառայելէ ետք՝ մեկնեցաւ Թորոնթօ՝ միանալու իր ընտանիքին: