«ԱԶԴԱԿ».- Ամէն հայու երազն է Արարատ բարձրանալը. արդեօք նախապէս տրամադրուա՞ծ էիք իրականացնելու այդ երազը, թէ ոչ երբ համալսարան հանդիպեցաք ամերիկացի տոքթ. Ռընէին եւ լսեցիք, որ ինք բարձրացած է, այդ մէկը խթան եղաւ ձեզի։
ԱՐԱ ԹԷՔԵԱՆ.- Արարատը մեր պատմութեան եւ ամէն հայու սրտի մէջ իր յատուկ դրոշմը ունի։ Մանկութենէս ի վեր փափաքած եմ Արարատ բարձրանալ. շատ փորձեր կատարած եմ, բայց ոչ՝ դէպի բարձր լեռներ։
1992ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, Խոր Վիրապ գացի եւ Արարատը մօտէն տեսայ. մտածեցի բոլոր կարելիութիւններուն մասին, որ հոնկէ անմիջապէս անցնիմ եւ բարձրանամ, բայց անկարելի էր։ Հետագային, երբ տոքթ. Ռընէին հանդիպեցայ, հետաքրքրուեցայ, թէ ինք ինչպէ՞ս կրցած էր Արարատ բարձրանալ, որովհետեւ վերջին 10 տարիներուն Թուրքիա բացարձակապէս արտօնութիւն չէր տար Արարատ բարձրանալու։
«Ա.».- Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցէք, թէ ինչպէ՞ս կրցաք իրականացնել ձեր տարիներու երազը։
Ա. Թ.- Արդէն իսկ խանդավառուած էի Արարատ բարձրանալու կարելիութեամբ եւ տոքթ. Ռընէէն տեղեկացայ ամէն տեսակ մանրամասնութիւններու մասին, ըլլան անոնք՝ դժուարութիւններու, լեռ բարձրանալու փորձառութիւն, եւ այլն։ Արարատը 5000 մեթրէն աւելի էր եւ յատուկ պատրաստուածութիւն կը պահանջէր։ Բարեբախտաբար առանձին չմնացի այս խանդավառութեան մէջ, շուտով ինծի միացան հինգ բարեկամներ՝ Սօնա Արմէնեան, որ շատ լաւ մարզիկ էր, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեան, դասախօսներէն տոքթ. Վարդուհի Պետրոսեան եւ ամուսինը՝ Արսէն, եւ Արթուր Մելքոնեան։ Վերջինս միակն էր մեր մէջ, որ լեռնագնացութեան փորձառութիւն ունէր։
Հետեւեցանք որոշ մարզումներու եւ կատարեցինք առողջութեան կապուած յատուկ քննութիւններ, որպէսզի ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ ֆիզիքապէս պատրաստ ըլլանք մեր արկածախնդրական երազին իրականացման։
«Ա.».- Ի՞նչպէս կրցաք արտօնագիր ձեռք ձգել։
Ա. Թ.- Լեռ բարձրանալու յատուկ դիմումնագիր ներկայացուցինք թրքական հիւպատոսարան։ Բաւական երկար ժամանակ առաւ վաւերացումը, բայց յաջողեցանք։
«Ա.».- Մանրամասնեցէք ձեր ուղեւորութեան ընթացքը։
Ա. Թ.- Երեւանէն անցանք Վրաստան, Թիֆլիս, Ախալքալաք, Ախալցխա եւ Կարսի մէջ գիշերեցինք։ Առաւօտ կանուխ շարունակեցինք դէպի Տողու Պայազիտ։ Մեզի հետ կային երկու առաջնորդներ եւ մէկ խոհարար։ Իւրաքանչիւր երկու անհատի տրամադրուեցաւ ձի մը, որուն վրայ պիտի բարձէինք մեր առարկաները։ Մեծ խանդավառութեամբ սկսանք բարձրանալ։ Առաջին օրը գիշերեցինք 3200 մեթր բարձրութեան վրայ։ Աննկարագրելի պահեր կ՚ապրէինք, որովհետեւ բացառիկ զգացում էր Արարատի վրայ ըլլալը եւ իր գիրկը գիշերելը։ Երկրորդ օրը 4200 մեթր բարձրութեան վրայ էինք արդէն։ Շատ ճամբայ չէինք կտրած, որովհետեւ դժուարութիւնները աւելցած էին, օդը ցրտած էր, ճամբան քարքարուտ էր, նոյնիսկ վրան լարելու տարածքը նեղ էր։ Գիշերը կարկտախառն անձրեւեց, բայց բարեբախտաբար կէս գիշերէն ետք օդը բարելաւուեցաւ։ Անհրաժեշտ էր գագաթը հասնիլ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, որովհետեւ այն ատեն է, որ կարելի է քալել ձիւնին վրայ, այլապէս սառոյցը ապակիի կը վերածուի եւ նոյնիսկ գամերով պատրաստուած յատուկ կօշիկներով անգամ անկարելի կ՚ըլլայ քալելը։ Հետեւաբար, հազիւ օդը բարելաւած էր, կէս գիշերին ելանք դէպի Արարատի գագաթ։
Եռագոյնը կը ծածանէր Արարատի գագաթին։
Ոչ ոք կը տեսնէի շուրջս. բացառիկ ապրում էր Արարատի գագաթին վրայ կենալը։ Աչքիս առջեւ եկան Նոյեան Տապանը, մեր պատմութեան բոլոր հանգրուանները, այն հերոսները, որոնք Արարատի համար պայքարներ մղած էին դարեր շարունակ…
Շատ յուզիչ էր պահը, բայց իրական։
Օդը բարենպաստ չըլլալուն պատճառով չկրցանք դիտել մշուշապատ Երեւանը, բայց յստակօրէն կ՚երեւէին Իրանը եւ Թուրքիան։ Տարբեր-տարբեր ձեւերով, որոշած էինք այս նուաճումը տօնել հայկական քոնիաք ըմպելով, հայկական շուրջպար բռնելով…եւ այլն, բայց ասոնցմէ ո՛չ մէկը կրցանք իրականացնել, նախ՝ օդը ահռելի ցուրտ էր, ետքը՝ պէտք էր մէկ օրուան մէջ վայրէջքնիս կատարէինք, որովհետեւ յաջորդ օրը 600 թուրք զինուորներ Արարատ պիտի բարձրանային. այս մէկը իրենց տարեկան սովորութիւնն էր։ Հետեւաբար աւելի լաւ էր, որ իրարու չհանդիպէինք։
Չափազանց յոգնեցուցիչ էր այդքան բարձրութենէ մէկ օրուան մէջ իջնելը։ Վայրէջքնիս շարունակեցինք առանց դադարի մինչեւ Վան եւ հոն հանգստացանք։
Չէի պատկերացներ, որ Վանայ լիճը այդքան գեղեցիկ է։ Վանի բնակչութեան 10 առ հարիւրը թուրքեր էին, իսկ 90 առ հարիւրը՝ քիւրտեր։ Ասոնցմէ մաս մը ամէն մանրամասնութիւն գիտէր «հայերու ջարդին» մասին, իսկ ուրիշներ գաղափար անգամ չունէին։ Ամէնէն յուզիչը այն էր, որ մեր վանքերէն մաս մը կիսաքանդ վիճակի մէջ էր, կամ՝ բոլորովին քանդուած, եւ կամ ալ տուներու վերածած էին։ Մէկ խօսքով, հայկականութիւն ապացուցող ամէն բան ոչնչացուած էր։ Չափէն աւելի ընդվզեցնող էր կացութիւնը։ Վախ մը կայ մէջս, որ քիւրտերը հայկական կոթողներուն մնացորդացն անգամ ոչնչացնեն։
«Ա.».- Դէպի Արարատի գագաթ ուղեւորութեան ընթացքին ի՞նչ մտածումներ ունեցաք։
Ա. Թ.- Հիմնականօրէն կը մտածէի, թէ Խաչատուր Աբովեան եւ իր հինգ ընկերակիցները 1829ին ինչպէ՞ս կրցան Արարատ բարձրանալ։ ի՜նչ բացառիկ հայրենասիրութիւն եւ կամք կը պահանջէր այդ մէկը ընելը, քանի որ այդ օրերուն այդքան ալ արդիականացած միջոցներ չկային, այդ պատճառով 6 շաբաթ տեւած էր անոնց բարձրանալը, իսկ մերը՝ 3 օր։
Մեզի համար Խաչատուր Աբովեանին Արարատ բարձրանալը մղիչ ուժ եւ քաջալերող ոգի եղած էր։
«Ա.».- Երբ Հայաստան վերադարձաք, ձեր ծանօթները եւ բարեկամները ինչպէ՞ս դիմաւորեցին ձեզ։
Ա. Թ.- Որքան յուզիչ էր Արարատի գագաթ հասնիլը, նոյնքան ալ յուզիչ էր Հայաստան վերադարձը։ Մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ դիմաւորուեցանք։ Անոնց դիտանկիւնով, սփիւռքահայութիւնն ալ ներառեալ, իրականացուցած էինք ամէն հայու կեանքի երազը, Արարատը տեսնելու, ապրելու, զգալու, շնչելու տենչը։
Հետագային Զուիցերիոյ, Մոնթրէալի, Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի հայութեան հետ ունեցայ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին սահիկներու ցուցադրութեամբ աւելի մանրամասն տեղեկացան մեր ուխտագնացութեան մասին։ Ոմանք, թէ՛ Սփիւռքէն եւ թէ Հայաստանէն, խանդավառուելով, ուզեցին նոյն ուղեւորութիւնը կատարել։ Նոյնիսկ 2-3 խումբ կազմուած է արդէն եւ հաւանաբար այդ մէկը իրականացնեն այս տարուան Օգոստոսի վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին, որովհետեւ միակ յարմար ժամանակաշրջանն է Արարատի գագաթը հասնելու։
«Ա.».- Արարատ բարձրանալու ընթացքին վստահաբար դժուար պահեր եղան։ Գագաթ չհասնելու մտավախութիւն ունեցա՞ք։
Ա. Թ.- Մենք մեզ նախատրամադրած էինք, որ բնաւ պիտի չյուսահատինք։ Առաջին օրը հեզասահ էր։ Երկրորդ օրը լաւ էր, սակայն քիչ-քիչ դժուարութիւնները սկսան։ Երրորդ օրուան մեր ընթացքը կէս գիշերին սկսած էինք, մութին եւ ժայռերուն պատճառով քիչ մը յոգնեցանք. ետքը ձիւներով բաժին մը եկաւ, որ աւելի դիւրացուց մեր յառաջացումը, ապա հասանք ուրիշ բաժին մը, որ ամբողջովին սառոյց էր։ Արեւածագ էր։ Երեւցաւ Փոքր Մասիսը իր հրապուրիչ պատկերով. դժբախտաբար չկարողացանք հանգիստ դիտել ու հմայուիլ անոր գեղեցկութեամբ։ Շարունակեցինք մեր ընթացքը՝ Փոքր Մասիսը դիտելով եւ չզգացինք մնացեալ ճամբու դժուարութիւնը եւ հասանք գագաթ։
«Ա.».- Վերելքը՝ դէպի նուաճում եւ վայրէջքը՝ բաժանում, զգացական իմաստով ի՞նչ տարբերութիւն ունէին ձեզի համար։
Ա. Թ.- Ե՛ւ վերելքի, ե՛ւ վայրէջքի ընթացքին աստուածային զօրութիւն եւ ուժ ունէինք։ Վերելքին՝ դէպի նպատակակէտ, իսկ վայրէջքին՝ յաջողութեան գինովութիւնը եւ Արարատի սեփականացումը կը զգայինք։ Բացարձակապէս չէինք մտածեր, որ Արարատը Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ է, կը զգայինք, որ մերն է եւ մերն ալ պիտի մնայ յաւիտեան։
«Ա.».- Ի՞նչ է Արարատ բարձրացողի ձեր պատգամը համայն հայութեան։
Ա. Թ.- Երբ Արարատի գագաթը կը գտնուէի, զգացի հողին ջերմութիւնը, ուժը։ Իսկապէս կը տարբերի մեր դաստիարակութեամբ, գիրքերու ընթերցմամբ, նկարներով, պատմական հանգրուաններու ճամբով ճանչցած Արարատի այդ զգացումէն։
Կը մաղթեմ, որ ամէն հայ ապրի մեր ունեցած հողի սեփականութեան եւ ուժին բացառիկ զգացումները։
Նաեւ կը խնդրեմ բոլոր հայ ծնողներէն, որ իրենց տուներուն մէջ ստեղծեն հայկականութեամբ լեցուն ջերմ մթնոլորտ, հեռանան օտարամոլութիւններէ, լաւապէս ծանօթացնեն իրենց զաւակները մեր պատմութեան, ֆետայիներուն, բանաստեղծներուն, երաժիշտներուն…, որպէսզի կարենան ՀԱՅ սերունդներ կերտել։