ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Անգլերէնով հրատարակուած է արդի հայ գրականութեան «Թատերգութիւն», «Արձակ» եւ «Պոէզիա» հատորներէ կազմուած մատենաշարը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 14ին: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան աջակցութեամբ հրատարակուած մատենաշարին մէջ ներկայացուած են շուրջ 80 ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները:
«Թատերգութիւն» հատորի խմբագիրնէ թատերագիր, բանաստեղծ, գրականագէտ Հրանդ Մարգարեանն է, եւ հատորին մէջ զետեղուած են 11 հայ գրողներու ստեղծագործութիւններ՝ Պերճ Զէյթունցեան, Դաւիթ Մուրադեան, Սամուէլ Խալաթեան եւ ուրիշներ: Յակոբ Հացիկեանի խմբագրութեամբ «Արձակ»ին մէջ տպագրուած են 19 գրողներու ստեղծագործութիւններ՝ Հրանդ Մաթեւոսեան, Ալվարդ Պետրոսեան, Միքայէլ Աբաջեան եւ այլն, իսկ Տիանա Տէր Յովհաննիսեան խմբագրութեամբ ներկայացուած «Պոէզիա»ին մէջ կան 49 գրողներու աշխատանքներ, որոնցմէ են Սիլվա Կապուտիկեան, Լեւոն Անանեան, Վիոլէթ Գրիգորեան, Յովիկ Հովէեան:
Ըստ Հայաստանի Գրողներու միութեան (ՀԳՄ) նախագահ Լեւոն Անանեանի, մատենաշարի հրատարակումը աննախընթաց է. ան անգլիալեզու ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու հայ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններուն. «Այս աննախադէպ փորձով մենք փաստում ենք, որ անկախութեան շրջանում հայ գրականութիւնը շարունակում է իր լաւագոյն աւանդոյթները, եւ մենք այսօր ունենք բարձր մակարդակի, ներկայանալի գրականութիւն», նշեց Լ. Անանեան: