ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 6ին Ազգային Ժողովի «Կանա»չ ճեմասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին 2004-2006ի գիտարշաւներու ընթացքին առնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Լուսանկարներու հեղինակները «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» հասարակական կազմակերպութեան անդամներն են:
Շուրջ 30 տարի առաջ հիմնուած կազմակերպութեան նպատակն է յայտնաբերել եւ ուսումնասիրել հայկական ճարտարապետութեան կոթողները Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն դուրս՝ պատմական Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու տարածքին, ինչպէս նաեւ հրատարակել այդ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները՝ հայ եւ օտար հանրութեան ներկայացնելու համար: