ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններէ ականաւոր քոնկրէսականներ իրենց համամտութիւնը յայտնած են Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթի պատուոյ համանախագահութիւնը ստանձնելու առաջարկին:
Յիշեցնենք, որ Յանձնախումբի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30ին, Լոս Անճելըսի Եունիվըրսըլ Շերաթոն պանդոկին մէջ եւ որու ընթացքին պիտի պատուուին ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ եւ Յակոբ Շիրվանեան:
Պատուոյ համանախագահութիւնը ստանձնած քոնկրէսականներէն են Աննա Իշու, Կրէյս Նափոլիթանօ, Ճորճ Ռատանովիչ, Էտըմ Շիֆ եւ Պրատ Շըրմըն:
Այս առիթով Յանձնախումբի անդամ Այտա Տիմիճեան յայտարարեց, թէ իրենք հպարտ են քոնկրէսականներու այս որոշումով եւ աւելցուց, թէ «Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեր բարեկամներուն զօրակցութեամբ, մեր այս տարուան ճաշկերոյթը ակնառու յաջողութիւն պիտի արձանագրէ»:
Վերոնշեալ բոլոր քոնկրէսականները ծանօթ են իրենց շեշտակիօրէն հայանպաստ կեցուածքներով: