ՍՈՒԻՏԱՏ ԿՈՒԱՅԱՆԱ, Վենեզուէլլա, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 11ի երեկոյեան տեղի ունեցած «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Արժանթին 3-0 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մեքսիքայի դէմ, հասնելով աւարտականին: Հակառակ այն իրողութեան, որ մրցումին սկիզբը Մեքսիքա կօլ նշանակելու քանի մը առիթներ ստեղծեց, մրցումին հաշիւը բացաւ արժանթինցի Հայնզէն, կիսախաղէն քանի մը ակնթարթ առաջ, ազատ հարուածէ մը գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք: Երկրորդ կիսախաղին Մեսի հոյակապ կօլ մը նշանակելով կրկնապատկեց խաղին արդիւնքը, իսկ Ռիքելմէ քանի մը վայրկեան վերջ փենալթիով նշանակուած կօլով մը ամրապնդեց Արժանթինի յաղթանակը:
Յայտնենք, թէ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի օր, Մարաքայպոյի մէջ, իրարու դէմ հանելով Լատին ամերիկայի երկու տիտանները՝ Պրազիլն ու Արժանթինը:
Շաբաթ օր Քարաքասի մէջ կայանալիք 3-4 դիրքի մրցումին Ուրուկուէյ պիտի ճակատի Մեքսիքայի դէմ:
Կօլերով հարուստ այս մրցաշարքի 24 մրցումներուն ընթացքին ցարդ նշանակուած են 79 կօլեր: Ամենաշատ կօլերը (6) նշանակած է պրազիլցի Ռոպինիոն, իսկ արժանթինցի Ռիքելմէ նշանած է հինգ կօլեր:
Նկարին մէջ, արժանթինցիք կը տօնեն իրենց յաղթանակը: