ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Աշտարակի «Միքա»ի յառաջապահ, 33ամեայ Արմէն Շահգելդեան ընտրուեցաւ 2006ի Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
Ան ֆութպոլի մասնագէտներու եւ մարզական լրագրողներու հարցման արդիւնքով հաւաքեց 191 կէտ: 2րդ դիրքը գրաւեց Երեւանի «Փիւնիկ»ի եւ հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան՝ 161, 3րդ՝ Երեւանի «Բանանց»ի եւ հաւաքականի յառաջապահ Սամուէլ Մելքոնեան՝ 108 կէտ: