Ատրպէյճանցիները 28 Նոյեմբերին, արեւմտեան ուղղութեամբ խախտեցին զինադադարը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան երկու զինուորներ Հ. Ա.ը եւ Մ. Վ.ը: Ըստ «Ազատութեան»՝ այս մասին հաղորդեց պաշտպանութեան բանակը, որ նշեց նաեւ, թէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը գործածեցին հրաձգային զինատեսակներ եւ ՀԱՆ-17 նռնականետեր:
Զինադադարի խախտման մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
Երեկոյեան ժամը 6ի դրութեամբ՝ շփման գիծին մէջ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է:
Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը տակաւին որեւէ հաղորդագրութեամբ հանդէս չէ եկած:
Նախորդ օրերուն, կողմերը մնայուն կերպով զիրար մեղադրեցին՝ կրակոցներ արձակելու յանցանքով, Արցախը նաեւ քանի մը անգամ տեղեկացուց քաղաքացիներու ուղղութեամբ կրակոցներ արձակելու մասին, ինչ որ նաեւ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը հաստատեց:
Վերջինի օրերուն, զինադադարը խախտելու վերաբերեալ փոխադարձ մեղադրանքներու լոյսին տակ կը քննարկուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու՝ Լաչինի միջանցքի փակման կարելիութիւնը: Եթէ Ատրպէյճան նման քայլի դիմէ, անիկա սադրանք պիտի ըլլայ ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Ռուսիոյ նկատմամբ: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան՝ յոյս յայտնելով, որ միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները անհրաժեշտութեան պարագային ժամանակին կը միջամտեն:
«Լաչինի միջանցքը, փաստօրէն, միակ ճանապարհն է, միակ միջանցքն է, որը կապում է Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին: Այն չափազանց խոցելի է, որովհետեւ անցնում է նաեւ Շուշիի մօտով, որտեղ կանգնած է ադրբեջանական զինուժը: Եւ բնական է, որ կարող են տարբեր սադրանքների դիմել, բայց սա արդէն կը լինի ոչ միայն մեր նկատմամբ սադրանք, սա կը լինի սադրանք Ռուսաստանի Դաշնութեան, ռուս խաղաղապահների նկատմամբ, հետեւաբար պէտք է պատրաստ լինենք ամէն ինչի, բայց ճիշդ աշխատենք, որպէսզի չէզոքացնենք այդ վտանգները», յայտնեց Բաբայեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ՝ կը կարծէ՞, թէ խաղաղապահները անմիջապէս պիտի արձագանգեն՝ Բաբայեան ըսաւ. «Յոյսով եմ, համոզուած եմ, որ անպայման պէտք է արձագանգեն, ի հարկէ, որովհետեւ սա, փաստօրէն, լինելու է պատերազմի քայլ, կոտորածի, ցեղասպանութեան ուղղուած քայլ, ո՞նց կարող է չարձագանգեն»:
Արձագանգելով միջանցքով զէնքի փոխադրութեան մասին Պաքուի մեղադրանքներուն՝ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան ըսաւ, թէ Ատրպէյճան այդ ձեւով կը փորձէ հիմք ստեղծել Լաչինի միջանցքի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար:
Միջանցքը փակելու, արցախահայութիւնը շրջափակելու եւ զայն ցեղասպանութեան ենթարկելու հիմեր ստեղծելու՝ Ատրպէյճանի մտադրութեան մասին աւելի կանուխ խօսեցաւ նաեւ վարչապետ Փաշինեան: Նախորդ շաբաթ ՀԱՊԿի վեհաժողովին ան յայտարարեց, որ հակառակ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան, մինչ օրս Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ չի գտնուիր ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ, եւ ատրպէյճանական բանակը քանի մը դիրքեր կը պահէ միջանցքին մէջ:
Բաբայեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ մեծ փափաք կայ, որ ռուս խաղաղապահներուն թիւը աւելնայ, բայց եթէ կարելի չըլլայ մարդուժը աւելցնել, գոնէ թեքնիք միջոցներով կարելի է ապահովութիւնը ուժեղացնել: «Ճիշդ է՝ իրենք ունեն վերահսկողութիւն, բայց այդ վերահսկողութիւնը պէտք է միանշանակ աւելի նոր որակ ստանայ: Կարծում եմ՝ սա ժամանակի խնդիր է», յայտնեց Բաբայեան:
Միջանցքի տարածքին մէջ գտնուող Արցախի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն համայնքներէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ իրենց մօտ թէեւ յարաբերաբար խաղաղ է, բայց մարդիկ անորոշութեան մէջ են: Ինչպէս Մեծ Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւիթեան նշեց, իրենք ալ կը լսեն Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ: «Անվտանգութեան խնդիր ունենք, մարդիկ վախենում են, մենք էլ ենք էլի լսում, որ կարող է միջանցքը փակուի կամ վերահսկեն, սաղ անորոշ բաներ են, որ ժողովուրդը չի իմանում էլի՝ ինչ անի, ոնց անի, ճիշդը որն է», նշեց ան:
Ատրպէյճան վերջին օրերուն պարբերաբար կը մեղադրէ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Արցախը՝ ատրպէյճանական դիրքերը ռմբակոծելու համար: Երեւան եւ Ստեփանակերտ ապատեղեկատուութիւն կը նկատեն ատրպէյճանական հաղորդումները:
Բաբայեան այն կարծիքին է, որ Ատրպէյճան ստայօդ տեղեկութիւններով հող կը նախապատրաստէ որոշ սադրանքներու համար։ «Որեւէ կողմից մենք չենք կրակում, իրենք ուղղակի ստայօդ լուրեր են տարածում, նախեւառաջ, փորձում են ահաբեկել մեզ, փորձում են շանտաժի (սպառնալիքի) ենթարկել տարբեր երկրների, նոյն Ռուսաստանին: Հող կարող է նախապատրաստեն՝ արդարացնելու իրենց այս կամ այն ահաբեկչական քայլերը», ըսաւ ան:
28 Նոյեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 27 Նոյեմբերի երեկոյեան, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ըստ հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին Հայաստանը մեղադրեց իր դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու համար:
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, արձանագրելով, որ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը մնան չլուծուած՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրախ է, որ Ատրպէյճանէն ու Հայաստանէն կը պահանջէ զսպուածութիւն եւ ուժեղ քաղաքական կամք՝ լարուածութիւնը թուլցնելու ու համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար: