ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, Karabakhopen.com.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր հրապարակեց փաստաթուղթ մը, ուր ներկայացնելով Արցախի հարցի քաղաքական եւ օրինական բոլոր հիմնական հանգրուանները, կը հաստատէ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները չեն կրնար անտեսել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Խորհրդարանը իր այս փատաթուղթը յղեց ՄԱԿին, եւրոպական բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ՝ Մինսքի խումբին:
Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք Արցախի հարցի ծագումը եւ յստակօրէն բնութագրելով անոր օրինական հիմնաւորումները, հոն կ’ընդգծուի այն փաստը, թէ ինչպէս Ատրպէյճան բռնութեամբ եւ սպանդով պատասխանեց Արցախի ժողովուրդի օրինական պահանջին: «Ատրպէյճանը՝ որպէս նախայարձակ երկիր, լիովին պատասխանատուութիւն է կրում ԼՂՀ բնակչութեան եւ իր քաղաքացիների կրած մարդկային տառապանքների, նիւթական վնասների համար», կ’ըսէ փաստաթուղթը եւ կ’եզրակացնէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, նպատակ ունենալով հասնել Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրների համապարփակ կարգաւորմանը այն սկզբունքների հիման վրայ, որոնք կը բացառեն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հետագայում ուժի կիրառմամբ կամ ուժի կիրառման սպառնալիքով փոփոխութեան ենթարկելու հնարաւորութիւնը, պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերել խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
«Այդ գործընթացի յաջողութիւնը հնարաւոր է, եթէ Ատրպէյճանը յարգի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը, հրաժարուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ թշնամական գործողութիւններից եւ հետագայում դրանց դիմելու քաղաքականութիւնից՝ միջազգային հանրութեան առջեւ ստանձնելով համապատասխան պարտաւորութիւններ»։
Ազգային ժողովը կը համարէ, թէ այս փաստաթուղթը պաշտօնական տեսակէտն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, եւ յանձնարարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան, որ զայն հասցնէ միջազգային բոլոր կառոյցներուն (փաստաթուղթը լրիւ տեսնել մեր ներկայ համարի 2րդ էջով):
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ Ազգային ժողովը անցնող Ապրիլ 21ին «Ղարաբաղեան հիմնախնդիր. կարգաւորման հեռանկարները» նիւթով կազմակերպած էր ունկնդրութիւններ, որոնց հրաւիրուած եւ ելոյթ ունեցած էին ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը, ԼՂՀ հասարակական կազմակերպութիւնները, անկախ փորձագէտներ ԼՂՀէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ։
Քաղաքական իրենց կեցուածքները արտայայտած էին ԼՂՀ ԱԺ «Ժողովրդավարութիւն», «Հայրենիք» խմբակցութիւնները եւ «Հ.Յ.Դ.-Շարժում 88» պատգամաւորական խումբը, որոնք աւարտին հրապարակած էին յայտարարութիւն:
Ամփոփելով խորհրդարանական ունկնդրութիւնները, ԼՂՀ խորհրդարանը հրապարակեց այս փաստաթուղթը՝ իբրեւ եզրակացութիւն: