Շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ պաշտօնէ արձակման եւ նորերու նշանակման ընթացքը կը շարունակուի: Արդարեւ, նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դարձեալ հրամանագիրներ ստորագրեց շարք մը անձեր պաշտօնէ հեռացնելու վերաբերեալ։
Այսպէս, Հրանդ Սաֆարեան հեռացուեցաւ գիւղատնտեսութեան, Արմէն Մանգասարեան` ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարի պաշտօններէն: Զանոնք պիտի փոխարինեն համապատասխանաբար` Գէորգի Հայրիյեան եւ Վահրամ Առաքելեան:
Արամ Սարգսեան, որ շուրջ երկու ամիս առաջ նշանակուեցաւ քաղաքաշինութեան նախարար, այլեւս պիտի չղեկավարէ գերատեսչութիւնը. նախարարի պարտականութիւններուն կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուեցաւ փոխնախարար Ազատ Համբարձումեանին:
Ըստ Յարութիւնեանի աւելի կանուխ ստորագրած կառավարութեան որոշումներուն՝ Գէորգի Հայրիյեան հեռացուեցաւ ջրային կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն. անոր պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս վերապահուեցաւ կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արարատ Խաչատրեանին։
Շուրջ շաբաթ մը առաջ նորանշանակ պետական նախարարը ներկայացնելու ատեն նախագահ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ան պիտի ունենայ լիազօրութիւններու լայն շրջագիծ մը. անոր համակարգման տակ պիտի գործեն բոլոր նախարարութիւնները` բացառութեամբ արտաքին, պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարութիւններէն. իր համակարգման ոլորտներուն մէջ պիտի ունենայ քատրային քաղաքականութիւն մշակելու եւ վարելու ազատութիւն: Գուրգէն Ներսիսեանին փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախի ներդրումային եւ գիւղի ու գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդներու նախագահութիւնը: