Շուէտի մէջ տեղի ունեցած Շուէտ-Ատրպէյճան ֆութպոլի մրցումին ներկայ գտնուած հայերը կատարեցին քարոզչական արարք մը՝ Արցախի պաշարումը դադրեցնելու պահանջով։
Խաղին ընթացքին, անոնք պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներ, ինչպէս նաեւ մեծ պաստառ մը, որու վրայ գրուած է. «Դադրեցուցէք Արցախի շրջափակումը»։
Ի դէպ, այդ խաղին Ատրպէյճանի հաւաքականը 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց։