ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի որոշումով, Թամարա Գէորգեան ազատ կացուցուած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարարի պաշտօնէն: Նոյն պաշտօնին նշանակուած է Արտեմ Ասատրեան:
Վարչապետի մէկ այլ որոշումով Սամուէլ Խաչատրեան նշանակուած է մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար: