ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 9ին, Արամ կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի:
Շուրջ երկու ժամ տեւող մտերմիկ խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան Սփիւռքի գաղութներուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց, Հայ Դպրոցի առաւել կազմակերպման եւ ազգային այլ հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը, գնահատելով Բարեգործականի տարած աշխատանքը, շեշտեց զայն համազգային տարողութեամբ կատարելու եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ Հայ Դպրոցին առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով Մեթր Սեդրակեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միութեան աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: