Կիրակի, 26 Օգոստոսի յետմիջօրէին, ուրախութեամբ կը հետեւէի Հայաստանի Հ1 կայանէն սփռուող համա-հայկական 4րդ խաղերու փակման հանդիսութեան եւ այնուհետեւ՝ պասքէթպոլի մանչերու ախոյեանութեան մրցումին, Սոչի ընդդէմ Կլէնտէյլ քաղաքներուն:
Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ յայտնեմ, թէ պատմական այս մարզախաղերուն Կլէնտէյլ քաղաքը կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը՝ պասքէթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, փինկ-փոնկի եւ թեթեւ աթլէթի 80 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը եւ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց, որոնց վերջինը՝ պասքէթպոլի աւարտականի հանգրուանին հասնիլն էր:
Կ’ուզեմ ընդգծել, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս գեղեցիկ սովորութիւն է, յատկանշական ձեռնարկներուն, յուշանուէրներ պատրաստել եւ զանազան ձեւերով փոխանցել զայն հանդիսատեսին, որպէսզի ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւ յիշատակներով մեկնի տուն, ինչպէս էր պարագան օրինակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան, որ վստահ եմ, կը վկայեն հազարաւոր ներկաներ: Գեղեցիկ այս սովորութիւնը կրկնուեցաւ նաեւ համա-հայկական մրցումներուն եւ մանաւանդ պասքէթպոլի մանչերու աւարտական մրցումին, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկայ մարզասէրներուն մօտ: Դժբախտաբար սակայն, խաղերու խօսնակին կողմէ գեղեցիկ այս ժեսթը բոլորովին հակառակ իմաստ ստանալով, իբրեւ «կաշառք» մեկնաբանուեցաւ:
Այսպէս, օրուան խօսնակը, ի տես հանդիսատեսներուն ի նպաստ կլէնտէյլցիներուն եղած քաջալերական արտայայտութիւններուն, որոնց մէջ կային նաեւ բազմաթիւ երեւանցիներ, առանց խպնելու «կաշառք»ի արդիւնք համարեց տիրող խանդավառութիւնը, եւ յատկապէս երեւանցիներուն ակնարկելով յայտարարեց՝ «Տեսէք, ի՜նչ է անում կաշառքը»: Վայրկեան մը շշմեցայ եւ ականջներուս չհաւատացի: Սակայն, քոյրս ալ, որ կը հետեւէր մրցումին, նոյն տհաճ յայտարարութիւնը լսելով, ընդվզումի արտայայտութիւններով կանխեց զիս:
Երեւոյթը անսպասելի, ընդվզեցուցիչ եւ ոչ-հայկական էր: Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր ստեղծումէն ի վեր, համախմբելով հայ երիտասարդութիւնը, անոնց էութեան մէջ կը սերմանէ ազգային ոգի եւ հայրենիքի սէրը: Աւելի՛ն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենիքի մէջ վերընձիւղումէն ի վեր, բարձրագոյն իր ժողովներով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ համա-հայկական բանակումներով, խմբապետական համագումարներով եւ այլ միութենական աշխատանքներով կը փորձէ հայ երիտասարդութիւնը կապել հայրենի հողին: Նուիրական այս գործէն անմասն չեն մնար նաեւ «Արարատ»ի մեր տղաքը, որոնք ոչ միայն երկար ամիսներ տրամադրեցին եւ մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուեցան համա-հայկական այս խաղերուն, այլ նաեւ աշխատանք տարին նոր եւ երիտասարդ ուժեր ընդգրկելու իրենց պատուիրակութեան մէջ, որպէսզի յաջորդական սերունդներու կապը շարունակուի հայրենիքի հետ:
Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի անուան դպրոցը, որուն մարզական բաժինի հովանաւորութիւնը ստանձնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղը: Դպրոցի մարզական դահլիճի նորոգութենէն անկախ, պատուիրակութիւնը իր հետ իբրեւ նուէր (եւ ոչ թէ «կաշառք») տարած է վարժարանի մարզական սաներուն տարազներ, գնդակներ եւ այլ մարզական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպած է մարզական օր մը դպրոցէն ներս:
Այսքա՜ն զոհողութիւն, այսքա՜ն գուրգուրանք, ինչպէ՞ս կարելի է անպատասխանատու յայտարարութիւններով ջրել ու վիրաւորել հայրենիքի սիրով մեծցող սփիւռքի մեր երիտասարդները:
Չէ՞ որ նման նախաձեռնութիւնները Սփիւռք-Հայաստան կապերու սերտացման եւ մտերմացման կը ծառայեն:
Չէ՞ որ հայրենիք այցելութիւնները մեզ աւելի կը կապեն պապենական մեր հողին եւ մենք մեր պատմութիւնը առաւել կը սորվինք, կը հպարրտանանք եւ հայրենասիրութեամբ կը լեցուինք:
Չէ՞ որ մենք հայրենիք այցելելով յուշանուէրներ եւ ո՛չ թէ «կաշառք» կը փոխանակենք:
Ի զուր են նման արտայայտութիւնները: Մարզական բաժակներով չեն սահմանուիր մեր յաղթանակները: Մեր երիտասարդութեան Հայաստան այցելութիւնը ինքնին յաղթանակ մըն է: Հայաստանը մերն է: Համայն հայութեանն է:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր բանակումները կատարել Բիւրականի մէջ եւ ամէն առաւօտ պիտի բարեւէ մեր սրբազան՝ Արարատ լերան: Մեր մարզիկները պիտի շարունակեն մասնակցիլ համա-հայկական խաղերուն, յաղթեն կամ պարտուին:
Շուտով, Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր բարձրագոյն ժողովը պիտի գումարէ հայրենիքի մէջ, առանց «կաշառք»ի նոր յաղթանակ մը արձանագրելով իր պատմութեան մէջ:
Հայաստանը մերն է: Բոլոր հայերուս: