ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի մօտ Յունուար 23ին շարունակուեցան նախարարութիւններու եւ պետական կառավարման մարմիններու 2006ի գործունէութեան հաշուետուութիւններու քննարկումները:
Այս ծիրէն ներս, հաշուետուութիւն ներկայացուցին բնապահպանութեան, փոխադրութեան եւ կապի, ուժանիւթի նախարարները, անշարժ գոյքի եւ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան ղեկավարները:
Բնապահպանութեան նախարար Վարդան Այվազեանի ներկայացուցած հաշուետուութեան մէջ նշուած է, որ անցեալ տարի կատարուած է Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանք, աւարտած է Սեւանի եւ Դիլիջանի հանգստեան գօտիներու կառավարման ծրագիրներու մշակումը, որոնք արդէն իսկ հաստատուած են կառավարութեան կողմէ: Ընթացքի մէջ է Խոսրովի անտառ պետական արգելոցի կառավարման ծրագիրի մշակումը: Մշակուած է Սեւանի ձկնատեսակներու վերականգնման ծրագիր մը: Շարունակուած են օզոնի շերտը քայքայող նիւթերու փոխարինումին առնչուող աշխատանքները: Զեկուցողը կարեւոր համարեց նաեւ մաքուր արհեստագիտութիւններու ազգային ծրագիրի հիմնադրման եւ իրականացման ծրագիրը: Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, ըստ նախարար Այվազեանի, սկսած է աճուրդային եղանակով հանքավայրեր տրամադրելու գործընթացը: Անդրադառնալով տեսչական-վերահսկողական աշխատանքներուն, նախարարը նշեց, որ 2006ին ծրագրուած եկամուտները ապահովուած են բնօգտագործման եւ բնապահպանական վճարներու հաշւոյն: Ընդգծուեցաւ, որ իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով դադրեցուած են 23 կազմակերպութիւններու հանքային իրաւունքները:
Վարչապետը յանձնարարեց՝ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարի հետ քննել եւ առաջարկներ ներկայացնել ընդերքը օգտագործելու ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրական, համակարգային փոփոխութիւններու, լիազօրութիւններու տարանջատման եւ յստակացման վերաբերեալ:
Յանձնարարուեցաւ նաեւ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել անտառներու պահպանուող տարածքներու ուղղութեամբ:
Փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի ներկայացուցած հաշուետուութեան համաձայն, 2006ին նախարարութիւնը այդ ոլորտներու պետական կարգաւորման, համակարգի պետական մասնակցութեամբ բաժնետիրական ընկերութիւններու գործունէութեան միջոցով ապահոված է տնտեսութեան միւս ճիւղերու կազմակերպութիւններու եւ ազգաբնակչութեան պահանջները՝ ուղեւորներու եւ բեռնափոխադրումներու, նամակատնային ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներու բնագաւառներուն մէջ: Ըստ զեկուցողի, պետական նշանակութեան ճամբաներ նորոգուած են, ծախսելով 10.75 միլիառ դրամ:
Նախարար Մանուկեան ընդգծեց նաեւ, որ բջիջային հեռաձայնի երկրորդ ընկերութեան մուտքը հայաստանեան շուկայ առողջ մրցակցութիւն եւ սակագիներու նուազում յառաջացուցած է:
Վարչապետը կարեւոր համարեց հեռաւոր մարզերուն մէջ հեռատեսիլի ծրագիրներու սփռումի, որակեալ կապի ապահովման խնդիրները:
Ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան 2006ին կատարուած աշխատանքներէն կարեւոր համարեց հիւլէական ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հիւլէական վառելանիւթի պահեստարանի կառուցման, միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեամբ հիւլէակայանի ապահովութեան մակարդակը բարձրացնելու հարցերը, ելեքտրական ուժանիւթի ոլորտին մէջ՝ Հայաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի միջեւ ելեքտրական նոր գիծերու կառուցման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնագիրի ստորագրումը:
Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Կարինէ Կիրակոսեան նշեց, որ 2006ին մշակուած եւ գործադրութեան դրուած է պետական գոյքի հաշուառման միասնական համակարգ, որ մնայուն կերպով կ’արդիականացուի: 2006ին շարունակուած է պետական գոյքի վաճառքի գործընթացը, որոնց արդիւնքով արձանագրուած է 455.42 միլիոն դրամ եւ 550 հազար տոլար:
Գործընթացի հրապարակայնութիւնը ապահովելու նպատակով, վարչութեան կողմէ երեք ամիսը անգամ մը ներկայացուած է տեղեկագիր:
Անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի նախագահ Մանուկ Վարդանեանի ներկայացուցած հաշուետուութեան մէջ նշուած է, որ բոլոր համայնքներու վարչական եւ վարչական տարածքներէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ արդէն աւարտած են հողերու սկզբնական հաշուառման աշխատանքները, կազմուած է հողային հաշուեկշիռը նոր պահանջներով, որ ներկայացուած է կառավարութիւն:
Քննարկումներու արդիւնքով, նշեալ բնագաւառներու 2006ի գործունէութիւնը արժանացած է դրական գնահատականի: