ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայ յուշամատեան» բռնադատուածներու ընկերութեան նախաձեռնութեամբ բռնադատուածներու օրուան առթիւ Յունիսի 14ին ծաղկեպսակներ դրուեցան անոնց յուշաքարին: Յառաջիկային այդ վայրին մէջ՝ Քասքատին յարող տարածքին, պիտի կառուցուի բռնադատուածներուն նուիրուած յուշարձան եւ մատուռ:
Նշենք, որ 1949ին Ստալինի հրամանով շուրջ 5,500 հայ աքսորուած է Սիպերիա, որոնց շարքին՝ նաեւ կանայք: Անոնք ապրած են անտառներու մէջ եւ զբաղած փայտահատութեամբ: Բռնադատուածներու մէջ եղած են մեծ թուով ուսանողներ եւ դասախօսներ: «Հայ յուշամատեան»ի նախագահ Ռուտոլֆ Գրիգորեանի խօսքերով՝ հետագային անոնց 30 տոկոսը դարձած են գիտնականներ եւ ակադեմիկոսներ, որոնց մէկ մասը այսօր ողջ է: Հայրենիք վերադարձած է բռնադատուածներէն 5000ը, 1956ին:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան պետի տեղակալ Անահիտ Գէորգեանի խօսքերով՝ 1994ի Յունիսի 14ին ընդունուած «Բռնադատուածների մասին» ՀՀ օրէնքով այդ անձանց համար սահմանուած են շարք մը արտօնութիւններ: Մասնաւորապէս՝ բռնադատուածները այսօր անվճար կ’օգտուին քաղաքային փոխադրամիջոցներէն, կը ստանան առողջապահական ձրի օգնութիւն, 50 տոկոս զեղչով դեղորայք եւ 12,000 դրամ միանուագ օգնութիւն: Բացի այդ, անօթեւան եւ անապահով շէնքերու մէջ բնակուող բռնադատուածներուն կը յատկացուի հողատարածք եւ վարկ՝ տուն կառուցելու կամ գնելու համար:
Ա. Գէորգեանի խօսքերով՝ բռնադատուածները դժգոհ են, որ վարկի գումարը քիչ է եւ չի համապատասխաներ բնակարաններու իրական արժէքին: Հարցը լուծելու համար նախարարութիւնը դիմած է կառավարութեան:
Խորհրադարանի մէջ բռնադատուածներու մասին օրինագիծը նախաձեռնած է Հ.Յ.Դ. պատգամաւորական խմբակցութիւնը:
Հայաստանի մէջ այսօր կ’ապրի շուրջ 4 000 բռնադատուած: