Այսինքն՝ Պապեա՛նը եւ ոչ թէ մէկու մը ժամանումը: Թէեւ կարելի է երկրորդ իմաստով ալ գործածել այս պարագային, իբրեւ երեւոյթ մը, ուր սփիւռքահայ արուեստագէտ մը ժամանելով Հայաստան, զայն կը ներկայացնէ իր արուեստի ներաշխարհի ոսպնեակէն: Գալուստ Պապեանի պարագային՝ նաեւ լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակէն:
Անծանօթ անուն մը չէ ան Սփիւռքի, յատկապէս Քանատայի մէջ: Լիբանան ծնած ու ի վերջոյ Քանատա հաստատուած այս արուեստագէտը, «վախտին», երբ թապու էր Փարաջանովի անունը խորհրդային կոչուած երկրի սահմաններէն ներս, յանդգնութիւնը ունեցած էր Թիֆլիս երթալու, փնտռել-գտնելու համար աշխարհահռչակ բեմադրիչը, ի վերջոյ զայն լուսանկարելու համար:
Հիմա Երեւանի մէջ կազմակերպուած է սփիւռքահայ արուեստագէտի լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Մեր կարծիքով, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները, կապերը, սեմինարներն ու քննարկումները նշանակութիւն կը ստանան այսպիսի նախաձեռնութիւններով միայն: Վերջին հաշուով, սփիւռքահայ արուեստագէտին կամ մտաւորականին համար Հայաստանը միայն Գառնի-Գեղարդ, խաշ-խորոված կամ մտերմիկ հանդիպումներ չէ: Իսկ Հայաստանի հանրային ու հոգեմտաւոր կեանքին կշռոյթ տուող անհատներուն կամ հաստատութիւններուն համար սփիւռքահայ արուեստագէտ-մտաւորականները տարաշխարհիկ ու սոսկ «հետաքրքրական» թիփեր չեն, որոնց հետ պարագայաբար զրուցելը հաճելի ըլլայ (կամ… չըլլայ):
Տարբեր խօսքով, Սփիւռքի թէ Հայաստանի հայութեան հոգեմտաւոր աշխարհը կը լիցքաւորուի այն ատեն միայն, երբ երկուստեք կ’արժեւորեն ու կը յարգեն զիրար: Հայութեան երկու հատուածներու հոգեմտաւոր կեանքը կը զարգանայ նաեւ այն ատեն, երբ միտքերը, տեսակէտները լայն տարածում կ’ունենան՝ նոյն այս «տարածումի» գործի պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձերու նախաձեռնութեամբ:
Գալուստ Պապեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսի արժէքը մենք կը դիտենք այս տեսանկիւնէն, միաժամանակ ափսոսալով, որ նման երեւոյթներու թափ տալու սքանչելի առիթը լաւագոյն ձեւով… մսխուեցաւ վերջերս, Հայաստան-Սփիւռք Գ. խորհրդաժողովի օրերուն, Երեւանի մէջ: