ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հարաւային Լիբանանի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին պատկանող կեդրոններուն մէջ արդէն իսկ սկսած են արձանագրութիւնները սուրիացի այն տեղահանուածներուն, որոնք կամովին եւ ապահով կերպով կը փափաքին վերադառնալ դէպի Սուրիոյ կայուն շրջանները:
Նշենք, որ այս գործառնութիւնը սկսած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին պատասխանատուութիւնը Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին յանձնելէն ետք:
Կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը տեղահանուածներուն համար ուղարկէ փոխադրակառքեր, որոնք տեղահանուածները պիտի փոխադրեն Սուրիա՝ Մասնաահի ճամբով, եւ Կարմիր Խաչի, տեղահանուածներուն հսկող միջազգային կազմակերպութիւններու ու գաղթականներու հարցերով ՄԱԿի բարձրագոյն յանձնակատարին ընկերակցութեամբ:
Փոխադրակառքերու առաջին խումբը, որ 200 փոխադրակառքերէ պիտի բաղկանայ, յառաջիկայ 10 օրերուն ճամբայ պիտի ելլէ։ Ջանք պիտի տարուի ամսական 15 հազար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու աղբիւրները կը հաստատեն, որ եթէ արգելքներ եւ խոչընդոտներ չպատահին Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը տարեկան 200 հազար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կրնայ կազմակերպել: