6, 7, 8 Դեկտեմբերին, Լոս Անճելըս գաւառի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, երկու ֆրանսահայ նկարիչներու՝ Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) եւ Ժանսէմի (Յովհաննէս Սեմերճեան) գործերէն ընդարձակ հաւաքածոյ մը պիտի ցուցադրուի «Փալատիօ» հաւաքոյթներու սրահին մէջ։ 6 Դեկտեմբերին մասնակցողները պիտի ըլլան միայն հրաւիրեալներ, իսկ 7ին եւ 8 Դեկտեմբերին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ազատ։
Պիտի ցուցադրուին եւ վաճառքի դրուին երկու հանրածանօթ նկարիչներէն իւղանկարներ, ջրանկարներ, մելանով եւ մատիտով կատարուած գործեր, ինչպէս նաեւ վիմագրութիւններ (lithographs): Ցուցադրութեան պիտի դրուին նաեւ երկու նկարիչներուն վերաբերող շարք մը ցուցահանդէսներու որմազդներ (exhibition posters)։
Գառզու ծնած է Հալէպ, 1907ին։ Ընտանիքը ականատեսը եղած է Արեւմտեան Հայաստանէն եկած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ գաղթականներու կարաւաններու Սուրիա մուտքին։ Զուլումեանները աւելի ուշ փոխադրուած են Եգիպտոս, ապա Ֆրանսա՝ Փարիզ։ Գառնիկը ուսանած է ճարտարագիտութիւն, սակայն ամբողջ կեանքը նուիրած է նկարչութեան։ 1977ին ընտրուած է Ֆրանսայի Արուեստներու ակադեմիոյ անդամ եւ մինչեւ իր մահը (2000) մասնակցած է անոր աշխատանքներուն։ Շարք մը առիթներով ան այցելած է Հայաստան եւ ցուցահանդէսներ տուած։ 1966ի իր առաջին այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր տեղւոյն նկարիչներուն եւ արուեստագէտներուն մօտ։ Ան զանազան առիթներով նկարներ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին եւ Ժամանակակից Արուեստներու թանգարանին։
Ժանսէմ ծնած է 1920ին, Իզմիրի մօտակայ Սէօլէօզի մէջ։ Ընտանիքը, որ վկան եղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, կը մեկնի Յունաստան՝ Սելանիկ, հրոյ ճարակ դարձած Իզմիրի ջարդերէն փախուստ տալով։ Արկածի մը պատճառով, Ժանսէմ կը կոտրէ ոտքը եւ ընտանիքին հետ կը մեկնի Փարիզ՝ այնտեղ բուժում ստանալու համար։ Անոր նկարչական ասպարէզը կը սկսի 19 տարեկանին։ Զինք կը կոչեն թշուառներու նկարիչը։ Անոր գործերուն մաս կը կազմեն ոտաբոպիկ մանուկներ, ցնցոտիներով կիներ եւ ծերեր։ Ան ճամբորդութիւններ կատարած է դէպի Յունաստան, Իտալիա եւ Սպանիա։ Նկարած է գիւղացիները, անկարները եւ եկեղեցական տօներ նշող թափօրները։ Հակառակ անոր շրջապատի ենթադրութիւններուն, անոր գործերը կը գտնեն մեծ ընդունելութիւն։ Ան ստեղծագործած է գրեթէ մինչեւ իր մահը՝ 2013ին, արծարծելով նաեւ այլ նիւթներ՝ ինչպէս պար, դիմակահանդէսները եւ այլն։
Երկու ֆրանսահայ նկարիչները ունենած են բեղուն գործունէութիւն։ Անոնց գործերը շրջած են ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին, ինչպէս նաեւ հասած են աշխարհի տարածքին մեծ թիւով ցուցասրահներու։ Բազմաթիւ թանգարաններ եւ կառավարական շէնքեր ցուցադրած են նշանաւոր այս արուեստագէտներու նկարչութիւնները։
Լոս Անճելըսի հայութիւնը առիթը պիտի ունենայ վայելելու երկու սփիւռքահայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները 6, 7 եւ 8 Դեկտեմբերին այցելելով «Փալատիօ» սրահը (1018 E Colorado St., Glendale, CA 91205)։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Apple Art-ի կողմէ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)