ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Աղա Սալիմ Շոքորով կանչուեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ընդունուեցաւ նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրիի կողմէ:
Ատրպէյճանի դեսպանին փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դժգոհութիւնը Պաքուի մէջ գերի պահուող լիբանանահպատակ Վիգէն Էօլճեքճեանի հարցին գծով Ատրպէյճանի ձգձգումներուն եւ Լիբանանի դիմումները անպատասխան ձգելուն պատճառով:
Վիգէն Էօլճեքճեանի ձերբակալման թուականէն՝ 10 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր, Լիբանան բազմիցս դիմած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անոր ազատ արձակումը պահանջելով: Միաժամանակ մերժուած է Թեհրանի մօտ Լիբանանի դեսպանին կողմէ (նկատի ունենալով, որ Լիբանան դեսպան չունի Պաքուի մէջ)՝ Վիգէնը տեսնելու իրաւունքը:
Նկատի ունենալով Վիգէնի առողջական վիճակը եւ հարցին քաղաքական բնոյթը՝ Ղատի Խուրի պահանջեց, որ Ատրպէյճան արագ միջոցներու դիմէ հարցին լուծում գտնելու համար: