Հայաստանի Նոր Այնթապ շրջանի զօր. Գարամանուկեանի անուան վարժարանին մէջ, Շաբաթ, 29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ կրթական-մշակութային գործիչ, բազմաթիւ սերունդներ հայկական շունչով եւ ոգիով թրծած, անոնց ազգային նկարագիր ու մշակութային արժէքներուն տէր կանգնելու նախանձախնդրութիւն փոխանցած գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի անունը կրող՝ «Գէորգ Գանտահարեան» հանդիսասրահին բացումը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Մարոքի եւ Ալճերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Սարգսեան, Այնթապի Հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ, հանրածանօթ նկարիչ Յակոբ Յակոբեան, սփիւռքահայ զանազան գաղութներէ Երեւան գտնուող Գէորգ Գանտահարեանի նախկին աշակերտները, գործընկերներն ու գաղափարի ընկերները։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին, որ ներկայացուց հանդիսասրահի բացման շարժառիթն ու նպատակը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով դամասկոսահայ բարերար Գաբրիէլ Չէմպերճեանին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել «Գէորգ Գանտահարեան» հանդիսասրահի հաստատումն ու բացումը։
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւս այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ գնահատեց օրուան խորհուրդը, յատկապէս՝ սփիւռքահայ կրթական գործիչ մը Հայաստանի մէջ արժեւորելու եւ անոր յիշատակը յարգելու առումով։ Ձեռնարկին ընթացքին վարժարանին աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ նուիրուած Գէորգ Գանտահարեանի կեանքին ու գործունէութեան։
Այնուհետեւ, Գանտահարեան ընտանիքին անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Գէորգ Գանտահարեանի որդին՝ Շահան Գանտահարեան։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան ներկայ գտնուող պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, հովանաւորին, ծրագիրը յղացողներուն եւ գործադրողներուն, մտաւորականներուն, Գէորգ Գանտահարեանի աշակերտներուն եւ գործակիցներուն, դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Գէորգ Գանտահարեանի գաղափարի ընկերներուն, լրագրողներուն, որոնց համատեղ ճիգերով կարելի դարձաւ այս ծրագիրին իրականացումը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որմէ ետք ներկաները այցելեցինն Այնթապի հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան, ուր Գէորգ Գանտահարեանի սաներէն ու երկար տարիներու աշակերտներէն Գէորգ Հաճեան արտասանեց սրտի անկեղծ խօսք մը՝ իր մեծ ու անաչառ ուսուցիչին իւրայատկութիւնները եւ հայրական սէրն ու մօտեցումը վեր առնող, ապա այս առիթով ան երգեց «Հայրիկ, հայրիկը»՝ իբրեւ հոգիի տուրք իր գլխագիր ուսուցիչին։
Նշենք, որ դպրոցը ունի 425 աշակերտ, որոնցմէ 34ը առաջին դասարանցիներ են: