ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան-Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովի արդիւնքով (2006 Սեպտեմբեր 18-20) հիմնադրուած գիւղական բնակավայրերու զարգացման ծրագիրի նուիրատուներու առաջին հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Փետրուարին: Այս մասին Յունուար 9ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ նշեց, որ կը ծրագրուի աշխատանքները սկսիլ 25-30 համայնքներու մէջ, ապա ընդարձակուիլ եւ ծրագրին մէջ ընդգրկել բոլոր գիւղական բնակավայրերը:
Այս տարուան ընթացքին սպասուող Հայաստան-Սփիւռք ձեռնարկներէն Վ. Օսկանեան առանձնացուց «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի չորրորդ փառատօնի եւ համահայկական չորրորդ խաղերու կազմակերպումը: