ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) եւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ գործակցութեան ծրագիր: Ծրագիրի հիմնական բաղադրիչներէն մէկը հանրային իրազեկման բարձրացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերն են:
«Այս ծրագրով մենք ամէն հնարաւորը կ’անենք, որպէսզի մարդու իրաւունքների մասին հանրային իրազեկութեան մակարդակը բարձրանայ Հայաստանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր գիւղերում, եւ ստեղծուեն երկրում մարդու իրաւունքների կրթութեան, պաշտպանութեան եւ առաջմղման համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները», ըսաւ ՄԱԶԾի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քոնսուելօ Վիտալ:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի խօսքերով՝ կէս միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին պարբերաբար կայացող քարոզչական աշխատանքներուն: Յատուկ ուսուցողական եւ ճանաչողական հաղորդումներ պիտի սփռուին հեռատեսիլէն, եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի գործունէութիւնը պիտի դառնայ աւելի թափանցիկ: