Գուրգէն Խանճեան ծնած է Վան. զաւակն է Գարեգին եւ Արմենուհի Խանճեաններուն: Անոր եղբայրներն էին Սուրէն եւ Բաբգէն, իսկ քոյրը՝ Ռոզիկ Ինճէճիքեան:
1915ի Վանի ինքնապաշտպանութենէն ետք ընտանեօք տարագրուած եւ հաստատուած են Երեւան: Մէկ տարի ետք հաստատուած են Դիլիջան, ուր ստացած է նախնական ուսումը, ըլլալով աշխատասէր եւ բծախնդիր աշակերտ մը:
Հայրը դաշնակցական ըլլալուն պատճառով համայնավարներու ճնշումներուն ենթարկուելով կը դիմէ Հայաստանի ղեկավարներէն հօրեղբօր տղուն՝ Աղասի Խանճեանին, որու միջոցաւ օրինաւոր անցագրով ընտանեօք կը փոխադրուին Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուր կը շարունակէ իր միջնակարգ ուսումը:
Մտած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը եւ եղած է սկաուտական տասնապետ. նաեւ հետեւած է ջութակի դասընթացքներու:
1930ին փոխադրուած են Լիբանան, ուր երկրորդական ուսումը շարունակած է Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ, Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շունչով ու եղած է ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն: Ան միաժամանակ հետեւած է երաժշտական դասերու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Երաժշտութիւնը կարեւոր մէկ մասնիկն էր իրենց ընտանիքին:
1932ին անցած է Հ.Յ.Դ.ի շարքերը, երդման կնքահայր ունենալով Հայր Աբրահամը (Աւետիք Սահակեան):
Եղբայրներով հիմնած են կղմինտրի աշխատանոց եւ շինարարութեան վաճառատուն:
1946ին կ’ամուսնանայ Հերմինէ Դաւիթեանի հետ, ու կը կազմեն երջանիկ ընտանիք մը: Կ’ունենան երեք զաւակներ՝ Հուրիկ, Գարեգին եւ Արա:
Ունեցած է հարուստ ազգային եւ միութենական կեանք մը ու գործած է կամաւոր, սիրով եւ անշահախնդրօրէն հետեւեալ կազմակերպութիւններուն մէջ.-
– Եղած է վարչական «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան:
– 25 տարի եղած է «Համազգային»ի «Գասպար Իփէկեան թատերախումբի վարչութեան քարտուղար եւ բծախնդրօրէն ստանձնած է «Տէր Մելքոնեան» սրահի հսկողութիւնը ելոյթի օրերուն:
– Կոմսի (Վահան Փափազեան) հետ հիմնած է Պէյրութի Համավասպուրականի հայրենակցական միութիւնը եւ Կոմսի խմբագրութեամբ ու իր վարչական պատասխանատուութեամբ հրատարակած է «Վարագ» պարբերաթերթը:
– Տարիներով եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական խորհուրդի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ վարչութեան անդամ:
– Եղած է քարտուղար եւ ատենապետ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ «Կիլիկեան» ու «Աբգարեան» ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեանց անդամ:
1980ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կը գաղթէ ու կը հաստատուի Լոս Անճելըս, միանալով իր զաւակներուն:
Առիթը կ’ունենայ ամերիկացի տարեց քաղաքացիներու հետ պտոյտներու երթալու եւ անոնց ընթացքին մտքին մէջ ծնունդ կ’առնէ՝ «Ինչու՞ չունենալ մեր սեփական հայ տարեց քաղաքացիներու միութիւն մը» հարցումը: Հետեւաբար, Նորայր Մամեանի հետ կը դիմէ Հայ օգնութեան միութեան ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ընկերուհիներէն Նորա Մովէլին եւ Զապէլ Ալահայտոյեանին, որոնց առաջնորդութեամբ կը կազմեն Կլէնտէյլի մէջ Հայ տարեց քաղաքացիներու միութիւն:
Բայց Գուրգէն Խանճեան կը մտահոգուի, թէ հեռու շրջաններէն ինչպէս Կլէնտէյլ պիտի գան հայ տարեցները: Ուրեմն, առանձին, քանի մը պասեր փոխելով կ’երթայ չորս շրջաններ՝ Հովիտի «Ֆերահեան» վարժարան, Փասատինայի եւ Հոլիվուտի Հայ կեդրոն ու Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցի, ու տեղական ուժերով կը սկսի կազմակերպել այդ շրջաններու հայ տարեց քաղաքացիներու միութիւնները: Կը յաջողի ու այս միութիւններով կը սկսին կազմակերպուիլ ու զօրանալ: Ինչպէս գիտէք, այս տարի՝ 2006ին, տօնուեցաւ հայ տարեցներու միութեան հիմնադրութեան 25ամեակը:
Շատ ընթերցասէր էր ու յաճախ կ’այցելէր հայկական գրախանութներ: Նկատած է, որ շատ գիրք գնողներ չկան, հետեւաբար մտածած է, որ գիրքը պէտք է երթայ ժողովուրդին քով ու այդ պատճառով հիմնած է Շարժուն գրախանութը, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ առջեւ, Կիրակի օրերը, տարածելով հայ գիրքը: Ամբողջ հասոյթը բծախնդրօրէն հաշուելով նուիրած է Հայ Դատին:
Հաւատացած էր Հայ Դատին տարած բոլոր աշխատանքներուն եւ ինքզինք կը նկատէր Հայ Դատի կամաւոր զինուոր:
Այս անշահախնդիր նուիրումին համար, Հայ Դատի կեդրոնական վարչութիւնը գնահատած եւ պարգեւատրած էր Գուրգէն Խանճեանը:
Նաեւ անդամակցած է ամերիկեան Assistance League կազմակերպութեան ու կէսօրները ճաշ բաժնած է տուները այն ծերերուն, որոնք հնարաւորութիւն չունէին ճաշի կեդրոններ երթալու:
Այս նուիրումին համար, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Թամ Պրէտլի պարգեւատրեց զինք ամերիկեան տիպար քաղաքացիի շքանշանով մը:
Պասով տեղէ տեղ գացած ատեն, նկատած է, որ պասի կայարանները բացարձակ տեղեկութիւն չէին տար, թէ պասը ուր կը կենայ կամ ուր կ’երթայ: Առաջարկած է, որ պասի ընկերութիւնը կայարաններուն ցուցատախտակին վրայ գրէ պասերուն թիւերը եւ որ շրջան երթալը: Այսօր, շնորհիւ իրեն, այդ գաղափարը գործադրուած է Լոս Անճելըսի բոլոր պասի կայարաններուն վրայ:
Բախտաւորութիւնը եւ ուրախութիւնը ունեցաւ վայելելու իր զաւակներուն օրհնուած ընտանիքները եւ թոռնիկները, որոնք միշտ հաճոյք ունեցան վայելելու իրենց պապուկը:
Մեծ ուրախութեամբ ականատես եղաւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախացման եւ բախտը ունեցաւ այցելելու եւ վայելելու իր հայրենիքը:
Միշտ կը քաջալերէր ու լաւատես էր կեանքով. եղաւ գործունեայ, աշխոյժ եւ նուիրեալ ամուսին, հայր եւ մեծ հայր:
Մահացաւ խոր ծերութեան մէջ, գոհունակ եւ հանգիստ: