ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Կովկասի փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու «CRINGO» հասարակական կազմակերպութիւններու ցանցը Դեկտեմբեր 18-22ին կազմակերպած է բանակցութիւններու շաբաթ, ուր պիտի արծարծուին փախստականներու հարցերը: Այս մասին Դեկտեմբեր 18ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց «CRINGO»ի խորհուրդի համակարգող Աշոտ Յակոբեան եւ նշեց, որ այդ օրերուն Ռուսիոյ, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ պիտի կազմակերպուին փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու բնակարային ապահովութեան հարցերուն նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ, որոնց կարգին լրագրողական հրապարակումներու մրցոյթը եւ Դեկտեմբեր 22ին ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ նախատեսուած նոյն թեմային նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ «CRINGO»ի ցանցը կ’ընդգրկէ աւելի քան 70 հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք կ’աշխատին Կովկասի մէջ փախստականներու, ներքին տեղահանուածներու կարգավիճակով եւ անոնց հաւասար այլ անձերու հետ: