Եթէ օր մը Սեբաստիա երթաք, խնդրեմ առէ՛ք քաղաքէն դէպի հիւսիս արեւելք տանող ճամբան, յառաջացէ՛ք մօտ երեք քիլոմեթր, այնտեղ, ճամբուն աջ կողմը, ձեր աչքերուն առջեւ փռուող փոքր ու գողտրիկ գիւղը ներս պիտի հրաւիրէ ձեզ եւ ձեր առջեւ բանայ Դանիէլ Վարուժանի աշխարհին չքնաղ մէկ էջը։
… Ընկե՛ր, պատուէր մը ունիմ քու հոգիիդ յանձնելու,
Հայրենակոխ ոտքերուդ կապելու սիրտ մը ունիմ,
Ճամբուդ վրայ, Ալիսի ջուրերուն քով այցելո՛ւ
Ուռինազարդ գիւղ մը կայ, նե՛րս մտիր, ան գիւղն է իմ:
Այստեղ ծնած ու ապրած է ան կեանքի առաջին տասներկու տարիներուն եւ ապա, պարբերական այցելութիւններով հայրենի տուն՝ ընդելուզած է իր հոգին հայրենի հողին հետ, իւրացուցած անոր բնութեան պատկերները, ձայներն ու հոտերը, անոր առօրեան, անոր բնակիչներուն նկարագրի հարազատութիւնը. այս նոյն արեւուն ջերմութիւնը, այս անհամար երանգները կանաչի, ոսկեգոյնի եւ կապոյտի. այստեղ ներշնչուած ու յղացուած են «Հացին երգը» եւ «Արեւելեան բաղնիքը»։ Վարուժան հո՛ս սիրած է հողը, ցորեանի ծովերը, մշակները, եզները, գետակը, լուսնակը, երկինքն ու կինը։
Մշակնե՜րն են իմ գիւղիս, դաշտի հզօ՜ր զաւակներ.
Քրտինքներով մարգարտեայ՝ բնութեա՜ն թագն են հիւսեր։
Կը բաբախէ սիրտն հողին իրենց բրդոտ կուրծքին տակ,
Ու իրենց լայն երակին մէջ կը յորդի արեգակ։
Երբ որ քալեն՝ մայր երկիրն իր արգանդէն կը սարսռայ.
Բայց չի խամրիր ծիլ մը իսկ գարշապարնուն տակ հսկայ։
Գլուխն իրենց, զոր կը հակեն առջեւը սուրբ խորանին,
Պսակուած է միշտ ոսկէ փոշիներովը յարդին։
Ակօսներուն մէջ անոնք խինդ կը ցանեն, եւ Աստուած
Իրենց ճակտին ակօսէն բարութիւններ կը հնձէ։
Աւիշներու հոսուն երգն անո՜նք միայն լսած են…
Մշակները նոյները չեն… իսկ գիւղին դպրոցը կանգուն է հրաշքով։ Անընթեռնելի դարձած մուտքի քարաշէն կամարին հայերէն գրութիւնը ո՞վ աւրած է արդեօք, մարդի՞կ, թէ բնութիւնը…։ Հաւանաբար այս պատերուն մէջ է, որ փոքրիկ Դանիէլ, ժամագիրքը կարդալով սորված է մեր գրաւոր լեզուն, ապագային զայն հասցնելու համար շքեղութեան ոլորտներուն։
Վարուժանի հոգին կը թեւածէ վերեւը՝ որբացած հայ կաթողիկէ իր գիւղին, հիմա բնակուած քիւրտերով եւ թուրքերով, որոնք գիտեն, թէ հայկական Բրգնիկն է ան, բայց չեն կրնար ըմբռնել, թէ երկու հազարէն աւելի հայ բնակիչ ունեցող գիւղը ինչպէ՞ս կ’ապրէր, կամ թէ ո՞վ է այն տիտանը, որ ծնած է հոն…
Զառիվար թաղին միւս ծայրը կը գտնուի հին բաղնիքին կմախքը իր գմբէթով եւ երկինք նայող բացուածքներով։ Հաւանաբար հո՛ս կ’առնէր իր շաբաթական լոգանքը ան մանկութեան օրերուն եւ կամաց կամաց կ’ընկալէր կնոջ մարմինը.
… Եւ գոլորշին, իր տամուկ շղարշներով կը պատէ
Մարմինն իրենց, որ պտղիլ կը սկսի ա՛լ քրտինքով։
Հուրիները կը լոգնա՜ն.- պորտաքարին կիզանուտ
Ոմանք պառկած՝ նուաղկոտ նայուածքներով կ’երազեն։
«Եբենոսէ հաստաբեստ դուռը» չկայ հիմա, ո՛չ ալ «Գմբէթը լուսացնցուղ է» այլեւս… ինչպիսի՜ չարութիւն եւ ինքնագիտակցութեան պակաս. ինչո՞ւ աւերել նոյնի՛սկ բաղնիքը, ուր կրնային մաքրուիլ նաեւ իրե՛նք, որ այդքա՜ն կարիք ունին մաքրուելու…
Ու կը լսեմ անոր աղօթքը հովին մէջէն.
… Ե՞րբ պիտի գայ, ո՜վ Տէր, այն օրը վսեմ… եղբայրութիւնն մարդկութեան
Ե՞րբ իր շղթան պիտի ձգէ սիրտէ սիրտ՝ մեծ համբոյրովն յաղթական։
Խոնարհած հանճարին դիմաց, անոր հոգիին նուազագոյն հնչիւնն իսկ չփախցնելու զգուշաւորութեամբ կը քալեմ Ալիսի ափին, գիւղամերձ արտերու եզրին, մինչ ապրումներուս խտութիւնը կ’եռեւեփի ներսիդիս եւ կը տանի գտնելու ինքզինքս… ու մեղմ կ’երգեմ.
Հունձք կը ժողվեմ մանգաղով, լուսնակը եարս է.
Ակօս ակօս ման գալով, սիրածս հարս է.
Գլխաբաց եմ ու բոպիկ, անուշ են հովեր,
Արտերուն մէջ թափառիկ, մազերն են ծովեր…։
Յիշողութիւնս կը դրոշմուի յաւերժութեան կնիքով, երբ Վարուժան կը շարունակէ.
… Մշա՛կ, ցանէ՜, յանուն Տիրոջ նշխարին,
Թող մատներէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ’ հասուննայ մաս մ’Յիսուսի մարմինէն։
Չե՛մ հաւատար, որ պաշտելի այս հողը, ջուրը եւ երկինքը չճանչնան ու չյիշեն զԱ՛յն, որ գեղագէտի մասնագիտութեամբ պեղեց մարդու հոգին, հայո՛ւ ոգին, որ երգեց «Ցեղին ձայնը» եւ անոր ազատագրական պայքարը, որ լաւագո՛յնը եղաւ անոր դիւցազներգակներուն ու գրաւեց սիրտերը անոր բազմահազար զաւակներուն… գիտեմ, ինծի նման բնութիւնն ալ կը զգայ անոր ներկայութիւնը…
Իսկ դո՛ւն, ուխտաւո՛ր, երբ երթաս Բրգնիկ, անոր արժանաւոր բայց անշիրիմ զաւկին հոգւոյն՝ կարդա՛ իր «Անդաստան»ը.
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւ՜ն թող ըլլայ…
Ո՛չ արիւններ, քրտի՛նք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին,
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի՝
Օրհներգութիւ՜ն թող ըլլայ։
Կիրակի 20 Մայիս, 2ՕՕ7
Բրգնիկ