ԱԼԻԾ ՃԷՊԷՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆ
Ձեռքս քարին կը դնեմ.
հոս եմ.
տարիներէ ի վեր երազած եմ տեսնել
Կիլիկիան,
Մուսա լեռը,
մեծ հօրս ծննդավայր Այնթապը.
հասնիլ մինչեւ Վանայ ծով ու Անի,
քալել հողին վրայ…
Կը պատկանիմ այն սերունդին
որ մեծցաւ
հողին վերադառնալու գաղափարով։
Հողին՝ հայրենիքին տեսիլքը
մանկութենէս ի վեր ծուարած էր հոգիիս մէջ։
Պէյրութի հայկական թաղի,
տան, ընտանիքի,
դպրոցի, եկեղեցւոյ դաստիարակութիւնը
մեզի ա՛յդ սորվեցուցած էր։
Երազ մըն էր իրականանալիք։
Մեր հողերը օր մը մեզի պիտի տրուէին
իբր արդար մեր իրաւունքը։
Թէ այդ առնել-տալը
ինչպէ՞ս պիտի պատահէր,
չէի հասկնար,
բայց երազը կար։
Ատանայէն դէպի հարաւ
ինքնաշարժով արդէն հասած ենք
Մուսա լերան շրջանը։
Աչքերս չեմ ուզեր թարթել.
չըլլայ որ բան փախցնեմ։
Կ’ընդվզիմ։
ժողովուրդներ իրենց հողին վրայ,
շէնքով շնորհքով,
հպարտութեամբ,
դարերու իրենց տակաւին կանգուն մշակոյթի
շարունակականութեան վայելքով
կ’ապրին ու կը ստեղծագործեն։
Իսկ ես՝
հասակ առած հայ կին,
աշխարհի միւս ծայրէն հոս հասած՝
սա մացառուտը անդին պիտի հրեմ
ու մզկիթի վերածուած
հայկական եկեղեցիին պատին վրայ,
զինք աղաւաղող ծեփին տակ
հայկական զարդարուեստով նախշուած
քարի մը պատառիկը գտնեմ։
Աչքերս կը փակեմ
եւ հոգիիս ամբողջ ուժով
բարկութիւնս անդին կը հրեմ.
կը տապալեմ սրտիս
ցաւի,
վշտի,
զոհուած ըլլալու քարացած պատնէշները։
Ինքզինքիս իրաւունք կու տամ
գէթ այս քանի մը օրը
վայելել հայրենիքիս բնութիւնը,
օդն ու ջուրը,
այնպէս, ինչպէս պիտի վայելէի
եթէ ժողովուրդիս ճակատագիրը
տարբեր եղած ըլլար,
արդար իրաւունքով
մեզի մեր երկիրը նշանակուած ըլլար,
ու ես
այս չքնաղ բլուրներուն ու հովիտներուն մէջ
ժողովուրդիս մշակոյթին գիրկը
ծնած ու մեծցած ըլլայի։
Եւ այսպէս,
երազելու իրաւունքը
մէջքիս կապած,
կռնակս կը շտկեմ
եւ անգամ մը եւս
ձեռքս կը դնեմ քարին։
Հոս էին մերինները, կը մտածեմ.
փաստ՝
դարաւոր հայկական մշակոյթի
նախշերով փորագրուած այս քարը
վարպետ հայ քարկոփի
հողոտ ձեռքերուն յղացումն է։
Գեղեցիկ է
նոյնիսկ մասունքի վերածուած վիճակին մէջ.
արդէն բնութեան եւ հողին մաս կը կազմէ։
Պիթիասի եւ Եօղուն-Օլուգի շրջանն ենք։
Ծաղկած վարդենիները մեզ կը դիմաւորեն։
Հոս է Պիթիասի հայկական մայր եկեղեցին,
որ հարիւր տարիներ ետք՝
տակաւին գիւղին ամենագեղեցիկ կառոյցն է.
ներկայիս,
իբր մշակութային կեդրոն
գործածուելու համար
կը վերանորոգուի
թրքական կառավարութեան կողմէ։
Հոս է նաեւ Եօղուն-Օլուգի
հայկական աղբիւրը։
Այս գիւղին մէջ ծնած էր
Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանը՝
քաջ, արի, իմաստուն, բարեպաշտ,
ժողովուրդին նուիրեալ երիտասարդ հովիւը,
որ իր հայրենակիցներուն հետ
ծրագրեց Մուսա լերան
պայքարն ու ազատագրումը։
Իր թոռը՝ Անին,
մեզի հետ է։
Մեզի հետ են
լերան քարքարուտ գահավէժներն ու ժայռերը,
Մուսա լերան զեփիւռն
ու վաղ գարնան առաջին ծաղկունքը։
Լերան ստորոտը,
Միջերկրականի կապոյտը
ճերմակ փրփուրներով
կը պայթի Մուսա լերան փէշերուն վրայ։
Ալիքներուն փրփրադէզ աղմուկը
կը պատմէ ֆրանսական նաւուն մօտենալը,
ճողոպրած գիւղացիներուն ազատագրումը։
Անիին ներկայութեան մէջ կը զգանք
իր մեծ հօր
եւ անոր սիրելի համագիւղացիներու յուզումը
փրկութեան պահուն։
Յարգանք կը մատուցենք Մուսա լերան
քաջարի հոգիներուն.
լուռ կը նկարուինք
քարաժայռերուն եւ ալիքներուն
յաւիտենական երկխօսութենէն ակնթարթ մը
մեր հետ վերադարձնելու հեռանկարով։
Դէպի հարաւ
ետ ու առաջ պարող
ծովափի ալիքներուն հետեւելով,
աչքերս կը յանգին Կասիոս լերան գագաթին։
Անոր ետեւը պահուըտած
Քեսապի, Էքիզ-Օլուգի
լեռներուն ու ձորերուն մէջ անցուցած եմ
մանկութեանս ու պատանեկութեանս ամառները։
Հօրեղբայրս
քանի՜ անգամ
Գալատուրանի ծովափէն
մեզ յորդորած է
հոն,
դէպի հիւսիս դիտել,
մշուշապատ լեռներուն յետին՝
հոն է Մուսա լեռը, ըսելով…
Եօղուն-Օլուգէն մեր հեռանալէն առաջ
գիւղի տարեց թրքուհի մը
անդրադառնալով մեր ով ըլլալուն,
Է՜հ, կ’ըսէ,
երբ հայերը այս կողմերէն հեռացան,
հողին «պէրէքէթը»ը հետերնին տարին։
Բայց հողին «պէրէքէթ»ը յայտնի կ’ըլլայ
քսան վայրկեան ետք
Մուսա լերան միակ
տակաւին հայաբնակ գիւղին՝
Վագըֆի մէջ։
Խնամուած, առողջ այգիներ ու պարտէզներ,
նոր եկեղեցի ու վերանորոգուած գերեզմանոց,
վերանորոգուած տուներ։
Կրակ աչքերով երիտասարդ հայ գիւղապետը
մեզ կը դիմաւորէ.
կը պատմէ իրենց աշխատանքին մասին.
հիմա մեր բերքը «օրկանիք» է, կ’ըսէ։
Հիացած եմ։
Այս իր փոքրիկ անկիւնին մէջ
համաշխարհային շուկայէն տեղեակ է.
ապագայ կը կերտէ իր գիւղին համար։
Հայը միշտ կը պահէ
յառաջադէմ ու բարձր մշակոյթի
տէր եղած ըլլալու յիշողութիւնը։
Պատառ մը հող,
քիչ մըն ալ խաղաղութեան զեփիւռ
եւ պատրաստ է յառաջ երթալու,
ինքզինք փաստելու,
միտք ու բազուկ աշխատցնելու,
հողին «պէրէքէթ»ը իր բազուկներով
կերտելու։
Չէ՞ որ դարեր առաջ
Աստուծոյ հետ ալ
համաձայնութեան եկած էինք։
Երբ Ամենակալը
աշխարհաստեղծման վերջին օրը
աւելցուկ քարակոյտ մը հրեց
հայուն ոտքերուն առջեւ,
աս ալ ձեզի հայրենիք ըսելով,
Հայերը պատասխանեցին՝
վնաս չունի,
տուր մեզի քարաստան,
մենք զայն կը դարձնենք այգեստան…
Կ’ուղղուինք դէպի Հասանպէյլի։
Մեծ մօրս քովիկը նստած եմ,
աչքս կարի տուփին եւ գոյն-գոյն բուրդերուն։
Ութը տարեկան եմ։
Բուրդի օղակը ձեռքս կ’անցընէ.
ինք կծիկը կը փաթթէ.
բուրդի օղակը
իր շարժումին հետ կը տարուբերեմ
ու միասնաբար կ’օրօրուինք
գառնուկին ինքնութենէն բխած
այս փափուկ երանութեան մէջ։
Առաջին անգամ մեծ մօրմէս լսած եմ
Հասանպէյլի գիւղին անունը.
մեծ մօրս
Հասանպէյլիի հայկական աւետիսն էր,
որ իւրաքանչիւր խթումի գիշեր
երեք մոգերը
այդ խորհրդաւոր էակները՝
Մելքոնը, Գասպարը եւ Պաղտասարը
հեռուներէ՜ն ճամբայ կը հանէր
Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը
մեր դուռը հասցնելու։
Պատանի տարիքին
երաժշտութեան սէրը
կրակ բռնած էր
մեծ մօրս սրտին մէջ։
Գիւղին մէջ դաշնակ չըլլալուն պատճառով
իր գծաւոր փէշին վրայ
ինքզինքին դաշնակ նուագել սորվեցուցած էր
եկեղեցիէն ձեռքը անցած քանի մը նոթաներով։
Գիւղի քանի մը
երիտասարդ աղջիկներն ալ խանդավառելով՝
միասնաբար
այծի բուրդը լուացած,
սանտրած, մանած, ներկած՝
միասնաբար քիլիմ մը հիւսած՝
եւ Այնթապ վաճառքի ղրկած էին,
որպէսզի այդ դրամով կարենային
Հասանպէյլիի
աւետարանական եկեղեցւոյ համար
պզտիկ երգեհոն մը գնել։
Թէ ոեւէ մէկը
ապրի՛ք աղջիկներ,
ըսա՞ծ էր իրենց՝
չեմ գիտեր,
բայց հրաշք օր մը,
երգեհոնը
Այնթապէն մինչե՜ւ Հասանպէյլի հասած էր
երկու ջորիներու վրայ բեռցուած,
այն միեւնոյն ճամբով,
ուրկէ մենք հիմա
ոլոր մոլոր կը բարձրանանք
եւ կը հասնինք
այս չնաշխարհիկ, գողտրիկ գիւղը։
Արոյեան մեզ կ’ուղղէ
դէպի հայկական քարաշէն բնակարան մը,
որ այսքան տարիներ ետք
կրկին տակաւին գիւղին ամենալաւ կառոյցն է։
Կողմի պատին վրայ հայերէնով գրուած է
«Աստուած սէր է…»
Աստուած սէր էր
մեծ մօրս եւ իր ընտանիքին համար։
Հայրը՝ վերապատուելի Յակոբ Գունտագճեան,
մայրը՝ մեծ մեծ մայրս,
Մարիամ Մելքոնեան-Գունտագճեան
13 զաւակ մեծցուցած էին։
Երկուստեք իրենց մշակի եւ հովուի կեանքերը
նուիրած էին գիւղացիներուն,
աւետարանական թէ առաքելական
առանց որեւէ խտրութեան։
Աստուած սէր է։
Աստուած սէր էր,
երբ անոնք կորսնցուցին
իրենց եօթը զաւակները
մէկ առ մէկ։
Աստուած սէր էր,
երբ Ատանայի ջարդերուն ժամանակ
Մարիամ Գունտագճեան
կորսնցուց իր ամուսինը
եւ երկու երիտասարդ մանչ զաւակները.
եւ երբ իր որդին՝
վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեան,
Քեսապէն իր տարագրեալ հօտին հետ
զոհ դարձաւ Համայի համաճարակին։
Աստուած սէր էր
երբ տարիներ ետք
Մարիամ կորսնցուց նաեւ իր որդին՝
բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանը,
որ իր կեանքն ու մասնագիտութիւնը նուիրած էր
իր սիրեցեալ թշուառ ժողովուրդին։
Եւ Աստուած սէր էր,
երբ այս քաջասիրտ ու հաւատացեալ կինը
իր որբացաղ թոռները մեծցուց
ամենադժուար պայմաններուն մէջ։
Հասանպէյլին ձգելէս առաջ
ճերմակ մեխակ մը կը տեղաւորեմ
գիւղին այս քարաշէն հայկական տան
ցանկապատին մէջ…
Այնթապ կը հասնինք
երեկոյեան ընթրիքին համար
բաց ախորժակով։
Այնթապի նշանաւոր պէյրան ապուրը,
պէօրէկներ, լէհմէճուն եւ չի քէօֆթէն, թան,
վրայէն ալ փախլաւան
մեզ կը սպասեն։
Այնթապցիները իրենց բերնին համը գիտեն։
Յառաջիկայ օրը վերջապէս պիտի տեսնեմ
նախահայրերուս, նախամայրերուս
երկու տուները։
Մէկը, մեծ հօրս մօր՝
Մէննուշ՝ Մանուշակ խանումին ընտանիքին՝
Գարամանուկեաններուն վիլլան,
ներկայիս թրքական
ազգագրական թանգարանի վերածուած։
Կ’ըսեն, թէ կապոյտ աչքերս
Մէննուշ խանումէն ժառանգած եմ։
Իսկ երկրորդը՝
Գարամանուկեաններուն դուռ դրկից՝
մեծ մեծ հօրս տունը,
պիստակի այգեստաններու տէր՝
Յովհաննէս աղա Ճէպէճեանին։
Տէր տիրական եմ.
Այնթապի մէջ երկու տուն ունիմ, կը մտածեմ։
Ճարտարապետ Պալեանի կողմէ նախագծուած
Այնթապի
փառաշուք հայկական եկեղեցւոյ ետեւը՝
հին հայկական թաղերուն մէջ կը գտնուին
երկու տուներս։
Այս հինաւուրց քաղաքներուն մէջ
ներկայիս հինը նոր արժէք ունի։
Մեծ հօրս՝ բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի
գրպանի ոսկի ժամացոյցին շղթային նման
երազանքներուս գօտիին վրայ կ’աւելցնեմ
այնթապցիի շուկայի վարպետութեանս
ոսկի շղթան։
Սա երկու տուները
bed & breakfast-ի կը վերածեմ, կը մտածեմ.
երկու բակերը իրարու կը միացնեմ
առաւօտեան նախաճաշներու
եւ երեկոյեան զով ընթրիքներու համար.
սպիտակ սեղանին ծածկոցները
ու բարձի երեսները
Այնթապի ձեռագործով նախշուած կ’ըլլան…
Մեծ մեծ հօրս տան «թափու»ն ալ ունինք…
Մնացածը վերջը կը կարգադրենք…
Քալէ՛ Ալիծ,
խումբը արդէն յառաջացած է…
Ինքնաշարժին մէջ ենք կրկին։
Երբ որ բացուին դռներ յուսո-ն
Արեւ ելաւ զէյթունցիներ-ու կը վերածուի
ու արիւնս կ’եռայ,
երբ կը լսեմ
Զէյթուն բարձրանալու կարելիութեան խօսքը։
Աստուծոյ մեզի նուիրած լեռնաժայռերէն՝
Զէյթունի արծուաքարէն
մատներու ծայրով
կարելի է երկնքին կապոյտը շոյել։
Այդ միեւնոյն երկինքէն
կայծակի ու որոտի պառաւը
կարծես շանթահարած ըլլայ լեռը,
պատռած գիւղը գրկող ահաւոր ժայռը,
որուն մէջէն դարերէ ի վեր կը հոսի
Շղուր գետը,
գիւղը բաժնելով երկու մասի։
Գետին խոր շնչառութեան խշշոցը
ականջիդ կը հասնի,
սրտատրոփ սեւեռումով
կը նայիս կամուրջէն վար,
կրկին ու կրկին կը նայիս,
մինչեւ տեսողութեանդ մէջ
անդունդին խորքը կը յստականան
գետին վիշապի պէս ֆշշացող գալարումները…
Մետաղեայ ժայռեր,
յորձանուտ ջրեր…
Կարելի չէ ապրիլ
դրախտին դուռ դրկից այս բարձունքին վրայ,
եւ չըլլալ
անվախ,
ըմբոստ,
քաջասիրտ,
զէյթունցի։
Երէկ գիշեր
առտուան ժամը երեքին արթնցայ։
Շղուր գետին խշշոցը
տակաւին ականջներուս մէջն էր.
բայց այս անգամ կանգնած էի
Զէյթունի աղբիւրին դիմաց։
երակամար,
երեքակնեայ
յօրդառատ կաթնաղբիւր՝
հողին տակէն բխող եռաձայն պատարագ։
Ափերուս մէջէն կը հոսեցնեմ ջուրը.
երեսս կը լուամ,
թաց ձեռքերս քարին կը դնեմ
զգալու համար
սրբավայրին պատերուն
հայկական նախշերը.
երկու թռչուն-ծնող զոյգեր,
կենաց ծառեր,
արու եւ էգ սկիզբ ներկայացնող եռանկիւններ,
կեդրոնախոյզ
եւ կեդրոնաձիգ գիծերու շարժումներով
յաւերժութեան օղակներ,
սրբազան ջուր, որ ամէն տարի կ’օրհնուէր…
Եւ տակաւին ամէն առաւօտ
կ’արթննամ Զէյթունի աղբիւրին դիմաց
մինչեւ գայ
տօնը Վարդավառի
եւ մենք հոն՝
այդ դրախտի ջուրով կենդանի
սփոփենք
ծարաւ մարմին,
ծարաւ հոգի։
Գիշերը կ’անձրեւէ։
Առաւօտուն
լեռնալանջերու ու մարգերու գոյները
լուացուած, պսպղուն՝
երանգ կը փոխեն,
արեւուն շողերուն ու ամպերուն հետ
պահուըտուք կը խաղան։
Ինքնաշարժի պատուհանէն դուրս
կանաչ,
դեղին
մարգագետիններ ու բլուրներ
կ’երերան աչքերուս առջեւ։
Հովիւներ,
ոչխարներ,
քարակոյտեր,
կրկին ու կրկին բլրաձեւ քարակոյտեր,
հովիւներ,
ոչխարներ…
Յանկարծ լսողութեան պատնէշ մը կը ստեղծուի
իմ եւ ինքնաշարժին
միւս բարեկամներուս միջեւ։
Կատարեալ լռութիւն է չորս դիս։
Խուլ լռութեան մէջէն
ներսէս կը լսեմ միայն
ժողովուրդիս որբութեան
մրմունջն ու փսփսուքը։
Կ’անդրադառնամ,
որ մտած ենք Մշոյ դաշտ։
Փսփսուքը կը շարունակուի…
Ի՞նչ է այս որբութիւնը
հայ մայրերու,
կիներու,
մանուկներու,
հողագործ շինականներու,
պանդուխտներու.
զրկուած լուսաւորութենէ,
զրկուած գիտութենէ,
զրկուած հոգեւոր
ու մարմնական խնամքէ ու սնունդէ,
ազգային մշակոյթի արժէքներէ,
տունէ,
հողէ,
պատառ մը հացի իրաւունքէ,
մարդկային իրաւունքէ,
արժանապատուութենէ…
Որբութիւն,
հեռաւորութիւն,
լքուածութիւն,
լքուածութիւն,
լքուածութիւն…
Եւ յետոյ յորձանք,
կատաղի յորձանք…
Մշոյ դաշտին որբ լռութեան մէջ
կը հեւայ արագաշարժ գետը,
ահեղ, լայնատարած ոլորտներով…
Եփրատն է.
քովէս մէկը կը կրկնէ՝
Եփրատն է.
երէկուան անձրեւներէն
ցեխոտ տիղմի վարդագոյնով՝
Եփրատն է…
Չեմ ուզեր տեսնել այդ վարդագոյնը,
Եփրատին վարդագոյնը…
Երեսս միւս կողմ կը դարձնեմ,
բայց Եփրատին հետ,
հոգիիս մէջ
կը շարունակէ գալարուիլ
խուլ ամայութիւն մը,
անիմաստ բացակայութիւն մը,
անըմբռնելի սպասում մը…
Ո՞ւր են Հացիկ գիւղին ցորենի արտերը,
ուր հայերը
իւրաքանչիւր 36 տարին
հացկերոյթի կը հրաւիրէին
իրենց աստուածները.
ուր ծնաւ Մեսրոպ Մաշտոցը,
ուրկէ գիւղի շինականները
405 թուին
36 փառաւոր լաւաշ թխեցին
ու Մաշտոցին նուէր ղրկեցին Վաղարշապատ,
իր յօրինած 36 հայկական տառերուն համար։
Հովիւներ,
ոչխարներ,
քարակոյտեր,
կրկին ու կրկին բլրաձեւ քարակոյտեր,
հովիւներ,
ոչխարներ…
Մտած ենք խաշնարած Քիւրտիստան…
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքի
քրտական գիւղը՝
Չենկելին,
ամբողջութեամբ կերտուած է
վանքին քարերով։
Հայկական խաչքարեր ու բուսական նախշեր
կը զարդարեն
քրտական հիւղակներու պատերը.
հոս հոն,
հոս ալ,
հոն վերը,
լուացքին չուանին ետեւը…
Քրտուհիներէն կը խնդրենք
լուացքը հրել։
Կը համակերպին
լայն ժպիտներով։
Մանուկները չորս դիս հաւաքուած են արդէն.
Կ’երգեմ՝
Ելլենք սարը, բռնենք պարը,
Մամռոտ քարը թող թնդայ…
Լեպհօ լէլէ-ն
իրենք ալ կը գիտնան, կը մտածեմ…
Կը զուարճանան, կը ծափեն,
կը ճողին,
կը կատակեն…
Մանուկը մանուկ է,
ես ալ բնազդաբար միշտ դաստիարակ։
Անմիջապէս իրարու կը յարմարինք.
կարծես մտած ըլլամ
Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցի մը
երրորդ դասարանէն ներս։
Գիւղը աղքատ է.
ժողովուրդը աղքատ.
եւ չէ՞ որ այս քիւրտի զաւակները
փիս փինթի պիտի ըլլային…
Բայց ո՛չ,
պզտիկները մաքուր են,
մաքուր մազերով,
գոգնոցները ճերմակ օձիքներով…
Հաւաքուեր են.
մեզ կը դիմաւորեն.
հայր մայր,
հօրքուր, մօրքուր,
գլխաշորերով գեղեցիկ պարմանուհիներ,
մեծ հայրեր, մեծ մայրեր,
մեզի հետ հաւաքուած են
Սուրբ Կարապետ վանքի աւերակներուն մէջ.
պատանիներ,
երիտասարդ տղաներ.
տօն է իրենց համար…
Իսկ դուն,
օրօրոցէդ քեզ
այս հողին խոստացած էին։
Եկած ես տարիներ ետք սիրեցեալդ տեսնելու,
բայց քեզի խոստացուած նշանածդ
շատո՜նց ուրիշին հետ ամուսնացե՜ր
թոռներ ու ծոռներ ունեցեր է…
Պզտիկներուն պլպլացող աչքերուն մէջ նայելով՝
ասոնցմէ քանի՜ հատին մէջ
սիրեցեալիս արիւնը կայ, կը մտածեմ
ու Լեպհօ լէլէ-ին յանկերգը
անգամ մը եւս կը կրկնեմ
ծափ տուող,
ուրախութեամբ քրքջացող
քիւրտ մանուկներուն հետ…
Անսանձ լացը ետքն է որ
կը փղձկի կուրծքէս,
երբ վերադարձէս ետք
հիմա,
իրականը կեանքիս մէջ,
հողին վրայ տեսածս է,
իսկ Լոս Անճելըսի
ֆրիուէյներուն վրայ
չորս անիւով
մետաղեայ տուփի մը մէջ սրընթացը
անըմբռնելի անհեթեթութիւն։
Կ’ըսուի, թէ
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքի
զանգերու ղօղանջները
Մշոյ դաշտի մինչեւ հեռու՜ գիւղերը,
մշուշը կտրելով
կ’արձագանգէին…
… ձագանգէին…
… գանգէին…
… էին…
Չենկելիէն մեր վերադարձէն առաջ
քիւրտ գիւղապետը կ’առաջարկէ՝
եկէ՛ք սա ձեր վանքը վերակերտեցէք.
մեզի ալ օգտակար եղած կ’ըլլաք…
Ասոր մասին ալ
Այնթապի երկու տուներուս պէս
վերջը կը խօսինք։
Շամիրամը իրաւունք ունի եղեր
ամառները
Վանայ ծովուն ափերուն վրայ անցընելու։
Ասորեստանի լուսնի աստուածուհին,
այդ շինարար կինը,
որ ըստ հայկական առասպելին
Վանի շրջանը բերել տուաւ
քառասուն հազար գործաւոր,
վեց հազար արհեստաւոր,
ու ամրակուռ վէմերով
կերտել տուաւ ջուրի ամբարտակներ,
որոնց մէկ մասը
մինչեւ օրս գործածութեան մէջ են։
Կերտել տուաւ
Վան-Տուշպա հոյակապ քաղաքը,
կիկլոպեան ժայռերու վրայ կանգուն՝
ուրարտական բերդին կից։
Ինչո՞ւ այսքան կը սարսափինք այս կինէն.
մեր արեւու աստուած Արան
տարփագին սիրած ըլլալո՞ւն համար,
իր մազերուն
կախարդական ուլունքներո՞ւն համար,
մազերը պարսատիկի վերածելով
Վանայ բերդէն
հսկայական ժայռեր իր թշնամիներուն վրայ
շպրտելո՞ւն համար…
Ես կ’ըսեմ՝ պրաւօ, կնիկ։
Կին ըսածդ այդպէս կ’ըլլայ։
Վայ եկեր էր մեզի,
եթէ այսօր Հայաստանի կիները
իրենց մազերը
պարսատիկի վերածած չըլլային,
ու իրենց զայրոյթը՝ կիկլոպեան ժայռերու։
Եւ տակաւին
Շամիրամի փէշը երկնքի աստղերն են,
գօտիկը՝ երկնային համաստեղութիւն,
վզկապը՝ ծիածանը,
թագը՝ լուսնի մահիկ։
Ո՞ր մէկը տամ քեզի, լողւորչուն
կը հարցնէ ան,
քաջ լողորդին,
որպէսզի ան սուզուի
Վանայ ծովուն յատակը
ու ծովուն հրաշք խորքերէն
Շամիրամին վերադարձնէ
իր կորսնցուցած կախարդական ուլունքները.
վերադարձնէ իր մազերուն ուժը։
Եթէ հանես ուլունքներս ծովէն,
լաչակս՝ թագս կու տամ քեզի.
Ո՛չ,
կը պատասխանէ լողորդը.
վզկապս կու տամ.
կրկին ոչ է պատասխանը.
գօտիկս,
ո՛չ.
եւ վերջապէս համբոյրս կու տամ,
կ’առաջարկէ Շամիրամ…
Ալ որոշենք, թէ իր այս վերջին առաջարկին
ի՞նչ պիտի պատասխանենք Շամիրամին…
Ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը դարերով պահած է
սա մեր անփառունակ սեպած կնկան մասին
հոյակապ երգեր ու բանաստեղծութիւն…
Տուէ՛ք Շամիրամին իր ուլունքները.
թող ուժը տեղը գայ.
աստղափայլ փէշերը հաւաքած՝
թող անցնի Ախուրեանը
դէպի անկախ Հայաստան.
թող կերտէ մեր գիւղերուն տուները,
կերտէ ամրակուռ ամբարտակներ,
թող գիւղերուն ջուր բերէ, ջուր,
թող կեանք ներշնչէ
Հայաստանի գիւղացիներուն։
Ուզած չուզածը մէկ համբոյր մըն է…
Նարեկի գիւղը այս անգամ
կարելի չեղաւ երթալ.
ոչ ալ Նարեկավանք.
բայց կ’ըսուի թէ՝
Նարեկավանքէն
կարելի էր տեսնել
Վանայ քաղաք եւ իր ծաղկած այգեստանները,
«Շուշանն շաղով լցեալ,
շող շաղով եւ շար մարգարտով».
տեսնել Վանայ ուրարտական բերդը,
Վանայ ծովն ու իր փառահեղ արեւածագը
ուր «Ծաւալէր ծաղիկ ծովային»,
եւ Աղթամարի կղզին
ու իր պալատներն ու վանքերը,
«Հազար թիւ կամարացն,
հազար թիւ կանթեղացն,
հազար թիւ վարագուրացն
եւ բիւր մի զանգակացն»։
æուրին վրայ ենք։
Պայծառ օրուան երկնքի ու ծովուն կապոյտը
զիրար կը շղարշեն.
մեզի հետ կը ծփայ
սիրահարներու լեռ՝
Սիփանի ձիւնապատ գագաթը։
Ծով մայրենի.
յանձնուած եմ
իր արծաթափայլ
կապոյտ երանգներու
յարափոփոխ տրամադրութեան։
Իգական տրամադրութիւն մը,
որ ըստ քո՛ւ տրամադրութեանդ
իր արգանդին գաղտնի ոլորտներէն
կեանքի կրնայ բերել
հրեղէն ձիե՜ր,
հուրնիկ հրեղէն աղջիկնե՜ր,
սպիտակ գոմէշնե՜ր, հրէշ վիշապնե՜ր…
Տրամադրութիւնդ փոխէ՛
եւ ծովը կը մայրանայ,
յոգնած արեւամանուկը
իր գիրկը կ’առնէ,
ծոցին մէջ կ’օրօրէ
մինչեւ վա՜ղ առաւօտ,
երբ երկնային հրեշտակներ
ծագող արեւամանուկին
կրկին կը հագցնեն
իր հրեղէն հագուստները։
Ան իր ուժը վերագտած՝
դուրս կը ժայթքի մօր ծիրանի ծոցէն,
Վանայ ծովուն ջուրով երես կը լուայ,
պատրաստ իր օրուայ
երկնային հրեղէն թաւալումին։
Ծագող արեւամանուկի պայծառութեան առջեւ
լեռները կը խոնարհին.
հուր կրակ մազերէն
ու Վանայ ծովուն աղի ջուրէն
ցօղը կ’իջնէ
աքաղաղին ու թռչուններուն թեւերուն վրայ։
Աքաղաղը կ’արթննայ ու կը կանչէ՝
լուսը լուսացա՜ւ
բարին շատացա՜ւ…
Թաղուած կանաչ խոտի բլրակներու տակ
Վան-Տուշպա քաղաքի ու Այգեստանի
ուրուականներն ալ կ’արթննան,
իրենց եւ մեր պատմութեան վրայ
աչք մը նետելու,
հիմա գոնէ ճանչնալու եղածը ու կարելին
ճանչնալու ինքզինքնին…
Աղթամարի
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթի
հարազատ,
հարազա՜տ ուրուագիծը
կը մօտենայ,
կը մօտենայ,
երերուն,
ետքը կայուն՝
կ’ամբողջանայ եկեղեցւոյ մարմինը.
իր ճարտարապետական անկիւններու
ադամանդեայ կտրուածքներով
կը բացուի
քարացած մագաղաթեայ ձեռագրի մը նման,
ու մեր հոգիներէն ներս կը սպրդի.
մեզ կը պարուրէ
երկինքի,
երկրի,
Աստուածային ստեղծագործութեան,
տիեզերքի խորհուրդի հրաշալիքներով,
Քրիստոսի Ծննդեան ու Յարութեան յոյսով…
Աստուած իմ,
այս մէկը գոնէ կանգուն մնայ.
… կանգուն մնայ…
այս մէկը գոնէ կանգուն պահենք…
Թոքերս կը լեցուին երջանկութեամբ։
Ներս կը մտնենք
Անիի պարիսպներու դարպասէն։
Հրճուած եմ,
որ ճարտարապետ ամուսինս
հետս քաշած բերած եմ։
Թեւին տակ ունի
Տիգրան Հոնենցի,
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ,
Կաթողիկէ Մայր տաճարի
Ապուղամրենցի յատակագիծները։
Գլխարկը գլխուն՝
զինք կը նկարեմ
Անիի պարիսպներուն առջեւ.
կարծես առտուն կանուխ ելած՝
սուրճը խմած,
փորթֆոլիոն ձեռքը,
դէպի գրասենակ
գործի ճամբուն վրայ ըլլայ։
Ես ալ համեստ գործակալ՝
հազիւ ետեւէն կը հասնիմ
իր բացատրութիւնները մտիկ ընելու։
կը մտնենք Տիգրան Հոնենց եկեղեցին։
Մեր մէջ կան երկու խմբավարներ.
մնացածներս ալ ունինք
երգչախմբային փորձառութիւն։
ինքնաշարժին մէջ հոս հոն
քառաձայն փորձած ենք արդէն
Պատարագէն հոգեշունչ երգեր։
Խորանին վրայ կը վառենք մոմերը,
կ’երգենք սրտառուչ՝
Այսօր ձայնն հայրական,
հայրակա՜ն…
սուրբ Աստուած,
Սո՜ւրբ, սո՜ւրբ…
Տէր ողորմեա՛,
ողորմեա՜, ողորմեա՜…
Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ,
յայտնեցա՜ւ…
Տէր, կեցո,
կեցո՜, կեցո՜…
Հայր մեր,
հա՜յր, հա՜յր…
Եկեղեցւոյ պատերէն
մեզ կը դիտեն
սուրբեր,
իշխանական դաս,
նախարարներ,
զինուորականներ…
Քովս՝ ընկերուհիս հեկեկալու կը սկսի.
մայրս, մեծ մայրս
բոլորը հոս են,
մեզի հետ են, Ալիծ, կը փսփսայ։
Քաղաքի պարիսպներէն դուրս
Ախուրեանի քարայրներուն մէջ բնակող
հովուի կնկան ու զաւակներուն
տեղ կա՞յ
եկեղեցիին աներեւոյթ խճողումին մէջ,
թէ անոնք մուտքի պատին տակ կայնած
դուրսէն մտիկ կ’ընեն մեր երգեցողութիւնը…
Հոն դուրսը՝
եկեղեցւոյ մուտքին ճիշդ առջեւը,
քարին վրայ,
ականջը մեզի՝
նստած է նաեւ
մեր քիւրտ մահմետական վարորդը։
Մեր հոգեւոր երգեցողութենէն ներշնչուած
մարմնին
եւ ձեռքերուն շարժումներուն մէջ
կը նշմարեմ աղօթարար հոգին։
Իր ալ աղօթքի ժամն է։
Եւ պահ մը
իր Ալլահը եւ մեր Լուսաւորչի Աստուածը
խաղա՜ղ ու մէկ են։
Եթէ այս մարդկային պահը կարելի էր
ինչո՞ւ հապա պատահեցան
այդ դժոխային,
անմարդկային աղէտները…
Տեսածս
բազմապատիկ կարօտ ու սէր
կ’արթնցնէ մէջս։
Հիմա վերադարձը կայ։
Սա բաժանումի հարցը
ինչո՞ւ միշդ դիմացս կ’ելլէ։
Գետնէն քանի մը քար կը վերցնեմ
ու քարը քարին վրայ զետեղելով
բլրակ մը կը կազմեմ
հովիւներու քարաբլուրներուն պէս։
Արեւամուտ է.
Վանայ ծովուն մէջ
արեւուն մօրը գիրկը մտնելու,
անոր ծոցին մէջ
օրօրուելու ժամը հասած է։
Արեւը մար պիտի մտնէ։
Անիի պարիսպներէն անդին
Հովուի եկեղեցւոյ ուրուականը
հեռուէն կը կանչէ,
բայց ժամը ուշ է։
Կը կռանամ
եւ ձեռքս անգամ մըն ալ կը դնեմ
քարակոյտիս վերջին քարին վրայ։
Կը զգամ անոր
արեւէն ծծած ջերմութիւնը։
Հոս էի.
Մուսա լեռէն մինչեւ Անի
քանի մը քարերու տեղը փոխեցի։
Քար քարի վրայ աշտարակ մը կերտեցի։
Ուրիշ բան լաւ չեմ գիտեր ընել։
Ոչ դիւանագէտ եմ,
ոչ կուսակցական,
ոչ յեղափոխական,
ոչ ալ քաղաքականութենէ կը հասկնամ։
Գիտեմ, որ ետ պիտի գամ՝
բայց հիմա երթամ հեքիաթներս պատմեմ,
հողէն ու երկինքէն
գրպանս հաւաքած տեսիլքներէս
ափ ափ բաժնեմ
Լոս Անճելըսի մանուկներուս…
Ափ ափ՝
կապոյտ ծովիկ,
կապոյտ երկինք,
քար ու գմբէթ,
ժայռեր, բերդեր,
հրեղէն ձի,
հրէշ,
վիշապ,
քաջարի սիրտ,
արեւ, աստղեր,
բարձր լեռներ,
կանաչ հովիտ,
մարգեր, դաշտեր,
լեռնալանջեր,
կենաց աղբիւր,
կենաց ծառեր,
լուսնի մահիկ,
անուշ հովիկ,
հողի բուրմունք,
թոնրի հացիկ,
գոռում գոչում
վազող գետեր,
Տիգրի՛ս,
Եփրա՛տ,
Սիհու՛ն,
Արա՜զ…
Մանուկներս
խաղն սկսին,
ձեռքի, մարմնի, մտքի, ձայնի,
կտրէն, շարեն, երգեն, խնդա՜ն,
կերտեն
պատկեր,
երազ,
տեսիլք,
տուն՝
հայրենիք։
ԱԼԻԾ ՃԷՊԷՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆ
Արհեստավարժ պատմասաց. առասպելին հետ երգ, երգով խաղ ու ծափ, խաղով տօնական սովորութիւն, շարժում, խմբային մասնակցութիւն, խորաթափանց ընկալում կամ պարզապէս կատակաբանութիւն, ուր բոլոր տարիքի ունկնդիրներ կրնան պատմութեան հետ առնչուիլ իրենց հոգեմտաւոր տարիքին համեմատ։
Միացեալ Նահանգներու թանգարանային ցուցահանդէսներու, ուսումնական համաժողովներու, դպրոցներու, հանրային գրադարաններու, տօնահանդէսներու մէջ ելոյթ կ’ունենայ հայկական եւ միջին արեւելեան բանահիւսութենէն քաղուած զանազան ներկայացումներով։ Աղպապեան նաեւ 1996էն ի վեր իր «Ծիլուծառ» հրատարակչութեան միջոցով կը շարունակէ հրատարակել մանկական եւ պատանեկան գիրքեր։
2006ի Մայիսին դէպի Մուսա լեռ, Կիլիկիա, Պատմական Հայաստան իր ճամբորդութենէն ետք ներկայիս ան կ’աշխատի Վանայ ծովու շրջանի առասպելներու, աւանդազրոյցներու եւ երգերու համադրուած ներկայացումի մը վրայ։