Արարատ սիգապանծ լեռը դժկամութեամբ ետեւ ձգած, կ’երթանք Վան: Վանայ լիճի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Բերկրիի լայն ու գեղեցիկ ջրվէժին դիմաց, բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ կը ճաշենք:
Վան քաղաքը լիճէն հինգ քմ. հեռու է, լիճին ճիշդ եզերքը իջեւանելու համար տասներկու քմ. եւս կը քշենք ու կը հասնինք Արտամետ, ուր մայր պողոտային վրայ «Մերիթ-Սահմարան» անունով գեղեցիկ պանդոկ մը կայ: Սահմարանը մեր աւանդական պատմութեան Շամիրամն է, Ասորեստանի թագուհին, Արա Գեղեցիկին սիրահարը: Շամիրամ Ք.Ա. 5րդ դարուն Վանայ լիճին եզերքը Շամիրամակերտ (Վան) քաղաքը կառուցել տուաւ, գեղեցիկ պարտէզներով եւ բազմաթիւ առուակներով, որպէսզի ամառները Նինուէի հեղձուցիչ տաքէն ազատելու համար հիւսիս գալով զով ապաստան մը գտնէ:
Երբ «Սահմարան» պանդոկի հիւրասրահը մտանք, առաջին վայրկեանին մեր ուշադրութիւնը գրաւեց պատէն կախուած Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նկարը: Ամբողջ պանդոկը հին Վանի գորգերով, տարազներով, բարձերով, կաւէ խոշոր կուժերով, բուրդ եւ իլիկով զարդարուած էր, եւ ամէնէն հաճելին՝ մեր ննջասենեակներու պատուհանէն կարելի էր դիտել Վանայ լիճի վրայ արեւի հիանալի մայրամուտը: Վանեցիները իրաւունք ունին ըսելու՝ «Վերը՝ դրախտ, վարը՝ Վան»:
Արտամետ անունը անմիջապէս յիշեցուց անոր քաղցրահամ խնձորները եւ Ռուբէն փաշայի մէկ նշանաւոր բնորոշումը: Պետրոս Սերեմճեան, որուն յիշատակին նուիրուած է «Վէրքերով լի ջան ֆիտայի» հանրածանօթ յեղափոխական երգը, կախաղան բարձրանալէ առաջ, իր վերջին խօսքը կ’ըլլայ. «Այո՛, ես յեղափոխական եմ, բայց մի՛ մոռնաք, որ այսօր ես գաղափարի ներկայացուցիչ եմ: Արդեօք կրնա՞ք գաղափարն ալ կախաղան հանել»: Ռուբէն փաշան կը գրէ. «Սերեմճեան կը պատկանէր այն սերունդին, որուն համն ու հոտը ուրիշ էր, նման Արտամետի խնձորի, թէկուզ մէջը որդ ընկած լինի…»:
Արտամետ նաեւ յիշեցուց «Նահապետը» շարժանկարը, հայրենի վաստակաւոր դերասան Սօս Սարգսեանի խաղարկութեամբ: Մեծ Եղեռնին կին-զաւակներ կորսնցուցած Նահապետը կը համոզեն, որ նորէն ամուսնանայ իրեն պէս արտամետցի Նուպարին հետ, որ նոյնպէս ամուսին, զաւակներ զոհ տուած է: Կնքահայրը Նահապետին Արտամետէն բերած խնձորի ծառի հունտեր կու տայ, որ իրենց բաժին ինկած քարքարուտ հողը մաքրեն, հերկեն եւ խնձորի ծառի հունտերը ցանեն: Այր ու կին տքնաջան կ’աշխատին, հունտերը ծառ կ’ըլլան, կը ծաղկին, բազմաթիւ կարմիր խնձորներ ծառերուն վրայ, եւ յանկարծ զօրաւոր հով մը կ’ելլէ, բոլոր խնձորները վար կը թափէ, որոնք բլուրէն վար կը գլտորին եւ գետին հոսանքն ի վար կ’անհետանան՝ խորհրդանշելով Եղեռնը…:
Նախաքրիստոնէական դարերուն Արտամետի մէջ կը գտնուէր Արտեմիսի՝ լուսնի, վայրի կենդանիներու եւ որսորդութեան յունական չաստուածուհիին տաճարը եւ կը պաշտուէր հեթանոս յոյներու եւ հայերու կողմէ: Հետագայ դարերուն Արտամետի պատմութիւնը կապուած է հերոսական Վանի պատմութեան հետ: 1915ին, Արտամետի հայերը Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն կը մասնակցին: Ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, ողջ մնացածները Արեւելեան Հայաստան կը գաղթեն եւ հոն կը հաստատուին:
Գացինք տեսանք Արտամետի փլատակ եկեղեցին, որու միայն խորանը կանգուն մնացած է, ուր էշ մը կապուած էր: Խնձորն ալ այնքան համով չէր, ո՞վ գիտէ, քիմիական ինչ նիւթեր խառնած են հողին մէջ:
***
Վան քաղաքը Վանայ լիճի ափի արեւելեան եզերքը կը գտնուի, հինգ քմ. լճափէն հեռու: Ան Պատմական Հայաստանի Վասպուրական նահանգին մէջ կը գտնուէր: Վանայ լճի շրջակայքը հայ ցեղի բնօրրանը կը նկատուի, ուր հայ ժողովուրդը ապրած է 3000 եւ աւելի տարիներ: Վասպուրական պահլաւական լեզուով իշխանական կը նշանակէ, Վան քաղաքը նախքան Ալեքսանդր Մեծի արշաւանքները (330 Ք.Ա.) Վան անունով հայ թագաւոր մը վերանորոգած է, որ ապա իր անունով կոչուած է: Վան ուրարտական ծագում ունի եւ կը նշանակէ տեղ, ինչպէս Դատվան, Նախիջեւան, Երեւան, Կաղզուան եւ այլն:
Ուրարտացի Արամէ թագաւորը (860-843 Ք.Ա.) Ուրարտական թագաւորութիւնը կը հիմնէ: Իր յաջորդը՝ Սարդուրի Ա. (835-825 Ք.Ա.) Վանայ ժայռին վրայ Վանայ բերդը կը շինէ եւ Վան քաղաքի հիմը կը դնէ, Տուշպա (Տոսպ) անունով Ուրարտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը դարձնէ զայն: Շուրջ 300 տարի ուրարտացիները իշխելէ ետք, կը սկսին Երուանդեան եւ ապա Արտաշէսեան թագաւորութիւնները, մայրաքաղաք ունենալով Վանը (Տոսպը): 330ին Ալեքսանդր Մեծ, ապա Արշակունիները, բիւզանդացիները, արաբները, Բագրատունիները, Արծրունիները կ’իշխեն Վանի վրայ: 1064ին սելճուք-թուրքերը եւ 1392ին Լենկ Թիմուր Վանը կը գրաւեն: Անգութ Լենկ Թիմուր հայերը պարանով իրարու կը կապէ եւ երբ առաջինը բերդէն վար կը հրէ, երկրորդը յաջորդաբար եւ այսպէս հազարաւոր հայեր զիրար վար կը քաշեն: Վերջին ինկողները չեն մեռնիր: Ասկէ ետք Վան բիւզանդական եւ պարսկական պետութիւններու միջեւ կռուախնձոր դառնալէ ետք, 1515ին կը գրաւուի օսմանեան թուրքերուն կողմէ:
1885ին Վանի մէջ Մկրտիչ Փորթուկալեանի ջանքերով կը հիմնուի հայ ազատագրական շարժման առաջին կուսակցութիւնը՝ Արմենականներ անունով: 1895-1896 տարիներուն Վանի բնակչութիւնը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տայ թուրք ջարդարարներուն:
1915ին Վանի կուսակալն էր արիւնարբու եւ հայատեաց թուրք մը՝ Ճեւտէթ Պէյ: Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ, ընդհանուր վտանգին դէմ դնելու համար համերաշխօրէն գործեցին Արմենական, Հնչակեան եւ Դաշնակցական կուսակցութիւնները: Մարտական գործողութիւնները սկսան ապրիլ 7ին, եւ Մայիս 7ին քաղաքը ազատագրուեցաւ: Վանի բերդին վրայ ծածանեցաւ հայկական դրօշակը: Մայիս 6ին ռուսական բանակը, որուն մէջ էին հայ կամաւորական զօրքերը, Վան մտաւ: Թուրքերը խուճապահար փախան: Կազմուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն՝ Արամ Մանուկեանի նախագահութեամբ, սակայն Յուլիս 2ին ռուսական զօրքը նահանջեց: Քանի մը օր ետք ռուսական զօրքերը կրկին գրաւեցին Վանը, բայց քաղաքը արդէն կողոպտուած եւ հրկիզուած էր: 1917-1918 թուականներուն բնակչութեան մէկ մասը Վան վերադարձած էր, սակայն քեմալական շարժման պատճառով նորէն գաղթի ճամբան բռնեց:
1882ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կազմած վիճակագրութեան համեմատ, Վանի նահանգը 400,000 հայ բնակիչ ունէր:
Նախքան Եղեռնը, Վանի մէջ կար 100 կտաւագործական արհեստանոց՝ 300 դազգահով: Զարգացած էր կահոյքի արտադրութիւնը, քարի մշակումը՝ տուներու զարդարանքի համար, փայտի գեղարուեստական փորագրութիւնը, կաւագործութիւնը, գորգագործութիւնը, մետաքսագործութիւնը: Արհեստներու մէջ ոսկերչութիւնը առաջին տեղը կը գրաւէր, կը գործէին 90-100 խանութներ, որոնցմէ շատեր նախապատուութիւնը տուած էին արծաթագործութեան: Մէկ տարուան մէջ 600,000 արծաթեայ իրեր կ’արտահանուէին եւրոպական երկիրներ:
Վան եօթը առաքելական եկեղեցի ունէր, կար նաեւ բողոքական եկեղեցի: Նշանաւոր եղած են նաեւ Վանի դպրանոցները:
Ներկայիս Վան քաղաքը, ծովու մակերեսէն 1727 մ. բարձրութեան վրայ, 447,000 բնակիչներով՝ մեծամասնութիւնը քիւրտեր, ինքն իր բախտին ձգուած քաղաք մըն է: Առաջուան դրախտանման կանաչով ծածկուած բլրակներուն տեղ այսօր ամէն տեղ դեղին աւազ ու փոշի է, որովհետեւ քիւրտերը ծառ տնկել չեն սիրեր եւ հազարաւոր ոչխարներ ու կովեր պահելով մեծ վնաս կը հասցնեն բնութեան:
Վանի փողոցներէն մէկուն մէջ տեսանք ճերմակ ներկուած արձան մը՝ երիտասարդ աղջիկ մը մազի երկու հիւսքերով, քարէ աղօրիքին առջեւ նստած արմտիք կ’աղայ: Տեսանք նաեւ Վանի նշանաւոր ճերմակ կատուին եւ իր ձագին արձանը: Վանայ կատուն՝ մէկ աչքը կապոյտ, միւսը՝ դեղին, որ լողալ ալ գիտէ, այնքան յարգի դարձած է, որ Վանի բնակիչները զայն տունէն դուրս ձգելու կը վախնան, կրնայ գողցուիլ եւ շատ սուղ գինով ծախուիլ:
Կանգ կ’առնենք Թոփրաք Գալէ բլրան առջեւ, վերը կ’երեւի Փոքր Մհերի դուռը: Մագլցիլը դժուար է, բայց մեր խումբին ամէնէն թեթեւաշարժ ուխտաւորները՝ Կլէնտէյլէն տոքթ. Ալպէռ Գարամանուկեան, Նիւ Ճըրզիէն՝ հոգեբան դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան եւ Մոնրովիայէն՝ հայր ու որդի Յովհաննէս եւ Կրէկըրի Եագուպները: Հոս միջանկեալ ըսեմ, որ Կրէկըրի Եագուպ, որուն մայրը շուէտացի էր, եւ ինք բառ մը հայերէն չէր հասկնար, ինչ հետաքրքրութեամբ եւ ուշի ուշով կ’ուզէր ամէն տեղ տեսնել եւ նկարել: Այս չորս ուխտաւորները ճիշդ Մհերի դրան առջեւ կրցան հասնիլ: Ըստ հայկական աւանդական պատմութեան, Աստուած Սասունցի Դաւթի զաւկին՝ Փոքր Մհերին դուռը բացաւ, որ իր ձիով քարայրէն ներս մտնէ, որովհետեւ ան արդար մարդ էր: Վերջին դատաստանի օրը դուռը պիտի բացուի եւ Փոքր Մհեր դուրս պիտի ելլէ եւ հայոց իշխանութիւնը պիտի վերահաստատէ:
Թոփրաք Գալէ բլուրէն վար իջնելէ ետք, կ’երթանք Վարագայ վանքը տեսնելու: Վարագայ լեռը Վանայ լիճէն 10 քմ. արեւելք կը գտնուի եւ բարձրութիւնը 3250 մեթր է: Լեռ բարձրացած ատեն, մեր ձախին Շուշանաց գիւղը կ’երեւի, բայց ինքնաշարժով երթալը դժուար է: Յիշեցի Հարաւային Ամերիկայէն սրբազան Յակոբ Գլըճեանի գրածը, թէ «Վանեցի Ասանէթը հոգեվարքի ժամանակ Արտամետի խնձոր կ’ուզէ եւ թաս մը ջուր՝ Շուշանի գիւղի Ապարանջան աղբիւրէն»: Աւոն պատմեց, որ Շուշան իշխանուհին իր ոսկիէ ապարանջան կը ծախէ, որ այս աղբիւրը կառուցէ: Աղբիւրին անունը կը մնայ Ապարանջան:
9էն 10րդ դարերուն կառուցուած Վարագայ վանքը կը հասնինք: Կ’երեւին միայն երեք կամարներով Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ճակատային պատը եւ գեղեցիկ դուռը: Գեղադէմ աղջիկ մը բանալին կը բերէ եւ դուռը կը բանայ, ուր կան եկեղեցւոյ պատերը եւ խորանը առանց տանիքի: Մէկ սիւնէն միւսը քիւրտ կիները պարանի մը վրայ իրենց խեղճ ու կրակ ձեռագործները կախած՝ կ’ուզեն մեզի ծախել, մինչ մուտքի դուռը եւ պատուհանները կարծես քարէ նուրբ ձեռագործներու կը նմանին: Պատերու վրայ՝ գունատած որմնանկարներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Տրդատ Գ. թագաւորի: Մոմ կը վառենք, խոր յուզումով «Տէր ողորմեա» կ’երգենք, խունկ կը ծխենք, սակայն չենք կրնար մեր արցունքները զսպել: Կարծես Խրիմեան Հայրիկ իր Խաչին ճառը կ’արտասանէր. «Մարդիկ թերահաւատ են, կը հաւատան, թէ ցորենին հատիկները կը բուսնին, բայց մեռելոց մարմինները չեն բուսնիր: Տուր մեզ այդ հաւատքը, ո՜վ Տէր, քու անմահ օրինակովդ: Փարատէ մեր մէջէն խաւարը եւ հաւատանք, որ այս չարչարալից կեանքը ունի իր յարութիւնը»:
Եկեղեցիէն դուրս կ’ելլենք. ձախին փլատակներ, ո՛չ թանգարան, ո՛չ մատենադարան, ոչ հարիւր ուխտաւորներու սենեակներ, ոչ ցորենի ամբար, ոչ դրախտ կոչուած այգի: Չկար նաեւ 1857ին Խրիմեան Հայրիկի հիմնած «Ժառանգաւորաց» վարժարանը եւ ոչ ալ 1858ին հիմնած Պատմական Հայաստանի առաջին տպարանը, ուր «Արծուիկ Վասպուրականի» ամսաթերթը կը հրատարակուէր յեղափոխական գաղափարներով: Չէ կատարուած տակաւին Խրիմեան Հայրիկի վերջին փափաքը, ուր «Արծիւը բոյնին մէջ» գրութեամբ կը հայցէր՝ «… ուր ալ հատնելու ըլլայ Հայրիկի վերջին շունչը, անոր աճիւնը փոխադրել Վարագ ու թաղել Վարագի տակ»: Հայրիկը տակաւին կը հանգչի Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարի մուտքին:
Այս բոլոր աւերակներուն մէջ կային միայն գոյնզգոյն հագուստներով քիւրտ մարդիկ, կիներ, անուշիկ աղջիկներ եւ փայլուն աչքերով աչքաբաց տղաք, որոնք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շատ մօտ կոկիկ մզկիթ մը շինած են, բայց մեր արժանայիշատակ սրբազան Մեսրոպ արք. Աշճեանին խոստացած՝ մաքուր պահել մեր փոքրիկ Ս. Գէորգ եկեղեցին, անշուշտ փոքրիկ վճարով մը:
Քիւրտ պատանի մը, աղուամազ պեխերով, «ասիկա փափային եկեղեցին է», կ’ըսէ հպարտութեամբ: Արդեօք իսկապէս ո՞վ է փափան:
Մկրտիչ Խրիմեան ծնած է Վանի մէջ, 1820ին: 1854ին իր կնոջ եւ աղջկան մահէն ետք, Աղթամարի մէջ վարդապետ կը ձեռնադրուի: 1862ին կ’ընտրուի Մշոյ առաջնորդ, 1869ին՝ Պոլսոյ պատրիարք, 1873ին, երեսփոխաններու ճառախտէն յուսահատ, կը հրաժարի պատրիարքութենէ, 1878ին Պերլինի վեհաժողովին պատգամաւոր կ’երթայ, 1880ին կրկին Վանի առաջնորդ է, 1890ին Երուսաղէմ կ’աքսորուի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, 1892ի Մայիսին Ամենայն հայոց կաթողիկոս կ’ընտրուի եւ 1907ին կը վախճանի Էջմիածինի մէջ:
Սիմոն Վրացեան իր «Կեանքի ուղիներով» գիրքին մէջ կը գրէ. «Հայրիկը իրենց յեղափոխութիւն էր քարոզում: Չեմ զարմանում, թիւրիմացութիւն էր Հայրիկի կաթողիկոսութիւնը: Նա ստեղծուած էր յեղափոխութեան համար՝ բառիս ամենալայն եւ ազնուական իմաստով»: Վարագայ լեռնէն վար կ’իջնենք երգելով.
«Հայրիկ, Հայրիկ, քո հայրենիք, Վասպուրական մեր աշխարհ/Վարդի փոխան քեզ փուշ բերաւ, ցաւդ դառնայ բիւր հազար»:
Ուր էինք եւ ուր հասանք մտածումներու մէջ թաղուած, Վարագայ վանքէն վար կ’իջնենք երթալ տեսնելու համար Աղթամար կղզին:
Վանայ լիճը 1720 մեթր բարձր է, մինչ Սեւանը՝ աւելի բարձր՝ 1916 մեթր, տարածութիւնը 3733 քառ. քմ. եւ խորութիւնը՝ 25 մեթր: Ասոր համար Վանայ լիճին Վանայ ծով անունն ալ կու տան: Վանայ լիճը շրջապատուած է Գրգուռ, Նեմրութ, Սիփան եւ Արտոս լեռներով: Սիփան լեռը Վանայ լիճին հիւսիսային կողմը կը գտնուի: Մարած հրաբխային լեռ մըն է՝ բարձրութիւնը՝ 4434 մեթր, գագաթը միշտ ձիւնով ծածկուած: Մեծ Մասիսէն ետք Պատմական Հայաստանի երկրորդ բարձր լեռն է:
Վանայ լճին մէջ կը թափին Բերկրի, Խոշապ, Արճէշ գետերը եւ բազմաթիւ վտակներ, սակայն ո՛չ մէկ գետ լիճէն դուրս կը հոսի:
Ասոր համար ջուրը շատ աղի է եւ իր մէջ կը պարունակէ շատ մեծ քանակութեամբ հանքային նիւթեր, մանաւանդ բորակ (nitre): Վանայ լիճի ջուրով առանց օճառի կարելի է լուացք ընել: Վանայ լճին մէջ կան նաեւ չորս կղզիներ՝ Աղթամար, Լիմ, Կտուց, Առտէր:
Վանայ լճի դիմաց գտնուող «Աղթամար քէմփինկ» բարձրակառոյց ճաշարանին մէջ Վանայ ծովու տառեխ ձուկը կը ճաշակենք եւ վանեցի հօմական ընկերուհիիս՝ Վարդուհի Սահակեան-Թովմասեանի տարեդարձը կը տօնենք: Ընկերուհի Վարդուհի Թովմասեան, Փաստինայէն, երգիչ Արա Սահակեանի մայրն է ու ինքն ալ իր թովիչ ձայնով եւ հայկական երգերու իր հարուստ պաշարով ամբողջ մեր շրջապտոյտի տեւողութեան, մեզ յուզեց եւ խանդավառեց:
Այս ճաշարանին մէջ տեսանք ճերմակ փափուկ մազերով, կապոյտ-դեղին աչքերով Վանայ կատուն: Այս ճաշարանին տիրոջ մեծ մայրը, ըսուեցաւ, որ հայ էր, եւ նաւը, որ մեզ ետքը Աղթամար կղզին պիտի տանէր, իր եղբօրը կը պատկանէր:
Աղթամար կղզին Վանայ լիճին հարաւը կը գտնուի եւ լճափէն երեք քմ. հեռու է: Հոս ըսենք նաեւ, որ Վանայ լիճը Սեւանէն վեց անգամ աւելի մեծ է: Նաւակ կը նստինք եւ «Տըլէ եաման, արեւն առեր Վանայ ծովին» երգելով կ’երթանք Աղթամար: Կղզիին շուրջը կը դառնանք, ուր ճերմակ թռչուններուն ճռուողիւնը բնութիւնը պարուրած է:
Նաւակէն վար իջնելով եւ քարէ աստիճաններէն բարձրանալով կը հասնինք Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին, ուր ցուցատախտակին վրայ առաջին անգամ ըլլալով թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով կը յիշեցուի հայկական եկեղեցի ըլլալը (էրմէնի քիլիսէ): Հոս, մուտքին, բարձրահասակ, ճերմակ մորթով, եւրոպացիի նմանող երիտասարդ մը դիմացս կ’ելլէ, եւ երբ հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս հոս հասած է, յայտնեց, թէ ինք Պելճիքայէն է, ուսուցիչ է եւ իր դասարանին մէջ երեք հայ աշակերտ ունի եւ ասկէ ետք Տէր Զօր պիտի երթայ: Եթէ օտարները մեր պատմութեամբ կը հետաքրքրուին, մենք՝ հայերս, ինչպէ՞ս անտարբեր կրնանք մնալ…:
908ին Գագիկ Ա. Արծրունի Վասպուրականի Արծրունիներու հայոց թագաւորութիւնը կը հիմնէ եւ ինք կ’ըլլայ առաջին թագաւորը:
Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը, կառուցուած Գագիկ Ա.ի կողմէ, 915-921 տարիներուն, միջնադարեան Հայաստանի եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական արուեստի հնագոյն եւ ամենակատարեալ օրինակն է, ձեւով մը համադրումը ճարտարապետական նկարչութեան եւ քանդակագործութեան: Խոշոր տուֆ քարերը նաւով կը բերէին եւ հինգ հարիւր փորագրիչներ տարի մը շարունակ կ’աշխատին փորագրելով որթատունկեր, խաղողի ողկոյզներ, նուռեր, Ադամ եւ Եւա, Դաւիթ եւ Գողիաթ, Դանիէլ առիւծներու փոսին մէջ, Սեդրակ, Միսաք եւ Աբէթնակով, Յովնանը կէտ ձուկի փորին մէջ, կենդանիներու եւ թռչուններու քառասուներկու քանդակ՝ եղնիկ, այծեամ եւ այլն:
Արծրունեաց թագաւորութեան ճարտարապետը, քանդակագործը եւ նկարիչը Մանուէլ անունով իմաստուն եւ հանճարեղ անձ մըն էր, որ կառուցած է Ոստան աւանը եւ անոր պալատական համալիրը, Աղթամարի բերդաքաղաքը, պալատը, յարակից շէնքը եւ նշանաւոր պալատական տաճարը՝ Ս. Խաչ եկեղեցին, որու համար կ’ըսուի, թէ քարեղէն Աստուածաշունչ մըն է: Այսպիսով Աղթամար կղզին կը դառնայ Արծրունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը եւ մրցակիցը Շիրակի Բագրատունեաց թագաւորութեան: Աղթամար եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ քաղաք:
Թուրքերը 25 Յունիս 1951ին պիտի փլցնէին Ս. Խաչ եկեղեցին, սակայն հռչակաւոր թուրք գրող Եաշար Քեմալ, վերջին վայրկեանին եկեղեցին փլուզումէն կը փրկէ, պնդելով, թէ շինութիւնը արուեստի գլուխգործոց մըն է, հարց չէ, թէ ով շինած է զայն: Եաշար Քեմալ կրթութեան նախարարութիւն կ’երթայ, եւ կրթութեան նախարարը Վանի կառավարիչին կը հեռագրէ եւ եկեղեցին կը փրկուի:
Այսօր Եւրոպական միութեան կողմէ ճնշում կը բանեցուի փոքրամասնութիւններու վիճակը բարելաւելու համար, նաեւ զբօսաշրջութեան բերած շահը նկատի առնելով, 20 Մայիս 2005էն սկսեալ Ս. Խաչ եկեղեցին կը նորոգուի, սակայն դժբախտաբար ո՛չ հայ ճարտարապետներու օգնութեամբ:
Եկեղեցւոյ շուրջ տեսանք նարնջագոյն շապիկներով բանուորներ: Եկեղեցին պատուած էր երկաթէ ձողերով: Չարտօնեցին ներս մտնել: Կարգ մը քանդակներու վրայ ներկ թափուած էր եւ հաւկիթ նետուած, նաեւ տեղ-տեղ փամփուշտի ծակեր կային, կարծես այս սրբատաշ քանդակները բարբարոսները թիրախի վերածած էին:
Դուրսը նստանք եւ մեր այրած սրտերը մեր առաջնորդին բերած «Աղթամար» քոնիակով զովացուցինք: Վերադարձին, նաւակին վրայ Վարդուհին սկսաւ երգել Յովհաննէս Շիրազի բառերով գրուած սրտայոյզ երգը.
«Հիմա ո՞վ է ձեզ համբուրում
Ծովասարի ծաղիկներ:
… Ո՞ւմ համբոյրն էք դուք ինձ բերում
Վանայ ծովի ամպիկներ»:
Վան քաղաքէն հինգ քմ. հեռու, կ’երթանք Վանայ բերդը տեսնելու: Ուրարտացի Սարդուրի Ա. (835-825) Վանայ քաղաքին ժայռերուն վրայ բերդ մը կառուցած է:
Մարերը, բաբելոնացիները եւ հայերը, պարսիկներու Կիաքսար թագաւորին միանալով, 612 թ. Ք.Ա. Ասորեստանի վրայ կը յարձակին, կը գրաւեն Նինուէն, եւ ասկէ ետք ուրարտական թագաւորութիւնն ալ կը տապալի: Խումբէն քանի մը հոգի կը փորձեն բերդին գագաթը բարձրանալ: Բերդին հարաւը կը տեսնուի երկաթէ դուռ մը, որուն ետեւ կայ սեպագիր երկար արձանագարութիւն մը, որ կը նկարագրէ Արգիշտի Ա. ուրարտացի թագաւորին սխրագործութիւնները (786-764 Ք.Ա.), մէջն ըլլալով Էրեբունի-Երեւան բերդի կառուցումը: Բերդին հարաւի կողմը Այգեստանն է, ուր ներկայիս միայն Ծիրանաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ փլուած պատերը կան եւ երկու վերանորոգուած մզկիթ: Կարծես Այգեստանն ալ անիծուած հող է, արեան դաշտ, որուն վրայ տուն շինելու կը վախնան: Այցելուները յաճախ փամփուշտներ կը գտնեն այս հողերուն մէջ:
Քիւրտ պատանի մը, բերդին վրայ, ձայնը ձգած քրտական տխուր երգ մը կ’երգէ: Խումբ մը քիւրտ պատանիներ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին հարց կու տան, թէ արդեօք իրենց մեծ հայրե՞րն ալ հայեր ջարդած են: Երբ դրական պատասխան կը ստանան, ծունկի կու գան, ներողութիւն կը խնդրեն եւ կ’ըսեն. «Թո՛ղ հայերը գան Վանի չորս հազար քիւրտերուն հետ ապրին»: «Պարզիր աղբիւր»ի քիւրտ տղաքը խելօքցեր են…:
Սքանչելի է դիտել մայրամուտը բերդին վրայէն, սակայն մենք «Սահմարան» պանդոկին մէջ գիշեր մը եւս քնանալէ ետք, առտու կանուխ Վանի օդակայանը կ’երթանք, թռչելու համար դէպի Պոլիս:
Ինչպէս քրիստոնեաները կ’ըսեն՝ «Գալ տարի Երուսաղէմ», մենք կ’ըսենք՝ «Գալ տարի նորէն Վան»:
(Շարունակելի)